Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ երէկ` 12 յունիսին Սինկափուրի մէջ կայացած եւ 41 վայրկեան տեւած պատմական վեհաժողովը ընթացք առաւ պատմական ձեռք սեղմումով մը` այդ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ առաջին անգամն ըլլալով արձանագրուած հանդիպումին իբրեւ ազդանշան, որուն մասին դժուար էր նոյնիսկ պատկերացում ունենալ քանի մը ամիս առաջ:
Միացեալ նահանգներու ղեկավար Տանըլտ Թրամփ հանդիպումէն քանի մը վայրկեան ետք յայտնեց, որ հպարտ է այս տեսակցութեամբ, որուն ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ լուծել կարեւոր եւ վտանգաւոր հարց մը` աւելցնելով, որ «բացառիկ յարաբերութիւն մը» կը միացնէ զինք Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին, որ իր կարգին դիտել տուաւ, որ տարբեր տեսակի դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք կարելի եղած է նման տեսակցութիւն մը յաջողցնել:
Խօսքը նախագահ Թրամփին ուղղելով` Քիմ Եոնկ Ըն ըսաւ, որ այդ վայրկեանին ականատես ըլլալու ճամբան դիւրին չէր, նախապաշարումներն ու հին սովորութիւնները մեծ արգելք հանդիսացած էին, բայց յաղթահարեցինք բոլորը, որպէսզի հոս հանդիպինք:
Անկէ ետք տեղի ունեցաւ նաեւ ընդլայնուած կազմով հանդիպում, որուն յաջորդեց Քիմ Եոնկ Ընի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ վեհաժողովին արդիւնքներուն վերաբերող փաստաթուղթի ստորագրութիւն: Այս մասին խօսելով` Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ փաստաթուղթը շատ կարեւոր է, բաւական համապարփակ ու բազմակողմանի` աւելցնելով, որ երկու կողմերն ալ շատ ուրախ ու գոհ են անկէ: Ըստ անոր, շուտով արդէն նկատելի պիտի ըլլան զարգացումներն ու փոփոխութիւնները Հիւսիսային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն մէջ, որուն մասին արտայայտուեցաւ նաեւ Քիմ Եոնկ Ըն` նշելով, որ աշխարհը ականատես պիտի ըլլայ մեծ փոփոխութիւններու, որոնք պիտի արձանագրուին այս պատմական վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք:
Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ նախագահ Թրամփի եւ նախագահ Քիմ Եոնկ Ընի միջեւ կարծիքներու անկեղծ, հանգամանալի եւ խոր փոխանակում կատարուած է` Միացեալ Նահանգներու եւ Հիւսիսային Քորէայի միջեւ նոր յարաբերութիւններու հաստատման եւ Քորէական թերակղզիին վրայ մնայուն եւ կայուն խաղաղ դրութեան հաստատման վերաբերող: Երկու ղեկավարները նաեւ հաստատած են, որ անցեալը մոռնալով կ՛ընթանան յառաջ` պատմական համաձայնագիրով մը նոր էջ բանալով երկու երկիրներուն պատմութեան մէջ: Ըստ անոնց, երկու երկիրներուն միջեւ կապը համահունչ պիտի ըլլայ երկու ժողովուրդներուն փափաքներուն` ապրելու խաղաղ եւ բարգաւաճ:
Այս փաստաթուղթով նախագահ Թրամփ պարտաւորութիւն կը ստանձնէ Հիւսիսային Քորէային տրամադրել անվտանգութեան երաշխիքներ, իսկ նախագահ Քիմ Եոնկ Ըն կը հաւաստիացնէ իր հաստատուն ու աներեր յանձնառութիւնը` Քորէական թերակղզին հիւլէական զէնքերէ զերծ կացուցելու: Անոր մէջ կայ կէտ մը, որ կը վերաբերի պատերազմներուն ընթացքին զոհուածներու աճիւններուն եւ գերիներուն` իրենց հայրենիք վերադարձնելու յանձնառութեան: Փաստաթուղթի աւարտին նշուած է նաեւ, որ Ուաշինկթըն եւ Փիոնկիանկ յաւելեալ բանակցութիւններ պիտի վարեն այս վեհաժողովին արդիւնքները գործնականացնելու նպատակով, սակայն չէ յիշուած հանդիպումի մը կայացման վայրն ու թուականը:
Լրատուամիջոցներուն ուշադրութեան առարկայ դարձած է նաեւ այն, որ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը փաստաթուղթը չէ ստորագրած այն գրիչով, որ զետեղուած էր սեղանին վրայ, այլ անոր մօտեցած է քոյրը եւ իրեն այլ գրիչ մը տուած:
Այս վեհաժողովին լոյսին տակ եթէ կարելի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յաջողութիւն արձանագրել, կարելի կ՛ըլլայ փոխել ապահովական հորիզոնը Ասիոյ հիւսիս արեւելքի մէջ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Պերլինի պատի փլուզումը 1989-ին փոխեց վիճակը Եւրոպայի մէջ:
Չինաստան Եւ Ռուսիա Կ՛ողջունեն
Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ կայացած վեհաժողովն ու ստորագրուած փաստաթուղթը ողջունեցին Չինաստանն ու Ռուսիան:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ին յայտնեց, որ երկու պետութիւններուն ղեկավարները այսօր արդէն կրնան նստիլ եւ հաւասար դիրքերէ մեկնած խօսիլ իրարու հետ, ինչ որ նոր պատմութեան ստեղծում կը նկատուի: «Չինաստանը կ՛ողջունէ եւ կը պաշտպանէ այդ մէկը», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ Չինաստան երկար ատենէ կը սպասէր այս զարգացումին եւ այդ նպատակով բաւական աշխատանք տարած է:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւս վեհաժողովին կայացումը ինքնին դրական քայլ նկատեց: Ան դիտել տուաւ, որ փաստաթուղթին բովանդակութեան ծանօթ չէ տակաւին, սակայն այն պատրաստակամութիւնը, որ առկայ է կողմերուն միջեւ, շատ կարեւոր է քորէական թերակղզիին վրայ հարցերու լուծման համար:
Նաեւ` Հարաւային Քորէան
Հարաւային Քորէան եւս ողջունեց Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ կայացած վեհաժողովն ու ձեռքբերուած փաստաթուղթը: Հարաւային Քորէայի նախագահ Մոն Չայ Ըն յոյս յայտնեց, որ «դարուն երկխօսութիւնը» նկատուող վեհաժողովը յաջողութիւններու դուռ կը բանայ եւ հիւլէական զէնքերէ զերծ կացուցելու, ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու եւ նոր դար թեւակոխելու առիթ կ՛ըլլայ, յատկապէս` երկու քորէաներուն եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ յարաբերութեան առումով:
Իրան Կը Զգուշացնէ
«Էսոշիէյթըտ փրես» լրատու գործակալութեան համաձայն, որ լուրը քաղած է իրանական գրեթէ պաշտօնական աղբիւրներէ, Իրան զգուշացուցած է Հիւսիսային Քորէան` Թրամփի կողմէ ներկայացուած եւ հիւլէական զէնքերուն վերաբերող որեւէ համաձայնագիրէ: Իրանի կառավարութեան բանբեր Մոհամետ Պաքըր ըսաւ. «Մենք գործ ունինք մարդու մը հետ, որ իր իսկ կնքած համաձայնութենէն կը հրաժարի, զայն կնքելէ ետք` տուն հասնելէ առաջ իսկ»:



