Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հաստատեց, որ Սուրիոյ հարաւային շրջանը կը գտնուի երկընտրանքի առջեւ` հաշտութիւն կամ բռնի ազատագրում: Անոր համաձայն, ցարդ դրական նախանշաններ չկան` իսրայէլեան եւ ամերիկեան միջամտութիւններուն պատճառով, որովհետեւ անոնք ճնշում բանեցուցին ահաբեկիչներուն վրայ եւ արգելք եղան որեւէ խաղաղ լուծման կամ համաձայնութեան:
Նախագահ Ասատ նշեց, որ սուրիական եւ իրանական յարաբերութիւնները ռազմավարական են, ենթակայ չեն որեւէ միջամտութեան եւ կապուած են շրջանի ներկային ու ապագային հետ: Ան հաստատեց, որ Սուրիոյ մէջ իրանեան ռազմակայաններ չկան, սակայն չի բացառուիր, որ անոնք հաստատուին, եթէ կարիքը զգացուի:



