Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիա իր այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է իր ուքրանացի պաշտօնակից Փիոթր Փորոշենքոյի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազերթաք» լրատու գործակալութիւնը:
Ալիեւ եւ Փորոշենքօ Թուրքիա կը գտնուէին` ԹԱՆԱՓ անդրանատոլական կազի խողովակաշարի բացման արարողութեան մասնակցելու համար:
Թէեւ հանդիպումին մանրամասնութիւնները տակաւին յայտնի չեն, սակայն ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պաքու եւ Քիեւ կը բանակցին ուքրանական «Քորսար» շարժական հակահրասայլային հրթիռային համակարգի միացեալ արտադրութեան հարցով:
Բանակցութիւնները սկսած են 2016-ին:
«Ուքրանիան միշտ պատրաստ է ճարտարագիտութիւնները Ազրպէյճանին փոխանցելու», ըսած է «Ուքրօպորոնփրոմ»-ի ներկայացուցիչը:



