Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի կեդրոնին մէջ` Աքրոփոլիսի հարեւանութեամբ գտնուող Փլաքա զբօսաշրջային թաղամասին մէջ, հզօր պայթումէն շէնք մը փլուզուած է: Առնուազն երկու մարդ զոհուած է, երեքը` վիրաւորուած: Քանի մը մարդիկ, որոնց շարքին օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ, անհետ կորսուած կը նկատուին:
Փրկարարները փլատակներէն դուրս բերած են երիտասարդ կնոջ եւ տղամարդու մարմինները: Յունական լրատուամիջոցներու հաղորդումով` զոհուած կինը ամերիկացի զբօսաշրջիկ էր, որ շէնքին մէջ կը հանգստանար ամուսինին եւ եւս մէկ զոյգի հետ:
Իրաւապահները կ՛ենթադրեն, որ պայթումին պատճառը կազի արտահոսքն է, սակայն վերջնական եզրակացութիւն տակաւին չկայ:


