Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Եթէ Եւրոպան Ռուսիոյ Վրայ Յարձակի Պատերազմը Այլ Պիտի Ըլլայ Եւ Շատ Կարճ»

September 30, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան բազմիցս ընդգծած է, որ չի պատրաստուիր յարձակիլ արեւմտեան երկիրներու վրայ եւ ատով զբաղուելու որեւէ շահագրգռուածութիւն չունի: Սակայն եթէ Եւրոպան, որ պարբերաբար կը խօսի Ռուսիոյ դէմ պատերազմի նախապատրաստուելու մասին, Ռուսիոյ վրայ յարձակի, ատիկա արդէն բոլորովին այլ պատերազմ պիտի ըլլայ, եւ անիկա շատ կարճ պիտի ըլլայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Երիտասարդութեան միջազգային փառատօնին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:

Նախարարը նշած է, որ ճակատումը Ռուսիոյ գործելաոճը չէ, ինչի մասին բազմիցս ըսուած է Ռուսիոյ ղեկավարութեան եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ:

«Արեւմուտքը շատոնց ընտրութիւն կատարած է յօգուտ Ռուսիոյ զսպման, մենք ատոր մասին մէկ անգամ չէ, որ խօսած ենք, ներառեալ ՕԹԱՆ-իպլոքի հաշուոյն` դէպի ռուսական սահմաններ յարձակողական, լկտի յառաջխաղացման միջոցով», նշած է Լաւրով:

«Եւ հիմա կը լսենք արդէն Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան յայտարարութիւնները մեր երկրին դէմ պատերազմին նախապատրաստուելու անհրաժեշտութեան մասին, անոնց մօտ ատիկա ներկայիս եւրոպական վերնախաւերու եւ Պրիւքսելի մէջ հանգրուանած ղեկավարութեան խօսքերուն մէջ ամէնէն տարածուած նիւթն է: Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ պատրաստ չեն Եւրոպայի վրայ յարձակելու, մենք չունինք ատով զբաղելու որեւէ շահագրգռուածութիւն: Սակայն եթէ Եւրոպան, որ ամէն օր կը խօսի Ռուսիոյ դէմ պատերազմի նախապատրաստուելու մասին, յարձակի Ռուսիոյ վրայ, ապա ատիկա արդէն բոլորովին այլ պատերազմ պիտի ըլլայ, եւ շատ կարճ պիտի ըլլայ», ըսած է Լաւրով:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Մինչեւ 12 Միլիառ Եւրօ Ներդրումներ Պիտի Ներգրաւէ Հարաւային Կովկասն Ու Կեդրոնական Ասիան Եւրոպական Միութեան Շուկային Կապելու Համար

Յաջորդը

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.