Միջազգային

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի.  Ռուսիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնները  Գործողութիւններ Կը Նախապատրաստեն  Արեւմտեան Երկիրներու Դէմ

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի. Ռուսիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնները Գործողութիւններ Կը Նախապատրաստեն Արեւմտեան Երկիրներու Դէմ

Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները այժմ` Մոնտիալի եւ Հելսինքիի մէջ Թրամփ-Փութին հանդիպումի աւարտէն ետք կը նախապատրաստեն գործողութիւններ, որոնք ուղղուած են արեւմտեան երկիրներու մէջ քաղաքական իրավիճակի ապակայունացման: Այդ մասին կը յայտնէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ այլ երկիրներու հետախուզութիւններէն աղբիւրներ: Ամերիկեան արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի տուեալներով` ռուսական գաղտնի սպասարկութիւնները ոչ մէկ գործողութեան ձեռնարկած են Ռուսիոյ մէջ Մոնտիալի ժամանակ: Ատիկա անհրաժեշտ եղած է աւելորդ...

Հնդկաստանի Մէջ Ողողումներու  Պատճառով Արձանագրուած Է 511 Զոհ

Հնդկաստանի Մէջ Ողողումներու Պատճառով Արձանագրուած Է 511 Զոհ

Հնդկաստանի մէջ Ջուրերու կեդրոնական խորհուրդը յայտարարեց, որ յուլիսի սկիզբէն ի վեր Հնդկաստանի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ շարունակուող անձրեւներուն պատճառով արձանագրուած է 511 զոհ: Խորհուրդը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ այդ ողողումներուն պատճառով նաեւ արձանագրուած են 176 վիրաւորներ: «Ողողումներն ու հողի սահանքները երկրին հիւսիսարեւելեան 91 շրջաններու մէջ վնասներ պատճառեցին եւ  պատճառ դարձան աւելի քան մէկ միլիոն անասուններու սատկելուն», յայտնեց խորհուրդը: Նշենք,...

Թրքական Դատարանը Դարձեալ Մերժած Է  Ազատ Արձակել Երկու Յոյն Զինուորները

Թրքական Դատարանը Դարձեալ Մերժած Է Ազատ Արձակել Երկու Յոյն Զինուորները

Թրքական դատարանը դարձեալ մերժած է ազատ արձակել երկու յոյն զինուորները, որոնք ամիսներ առաջ մոլորած էին ու սխալմամբ անցած թուրք-յունական սահմանը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էվրենսել» օրաթերթը: Յայտնի է, որ այս տարուան 1 մարտին թրքական սահմանը կտրած յոյն զինուորներ Անկելոս Միթրեթոտիս եւ Տիմիթրիս Քուքլազիս պիտի շարունակեն մնալ թրքական Էտիրնէ նահանգի բանտին մէջ: Սակայն զինուորականներու փաստաբանները պնդած են, որ Միթրեթոտիսն ու...

Գերմանիա. «Թուրքիոյ Մէջ Յեղաշրջման  Փորձին Հետ Կիւլենի Կապը Ապացուցուած Չէ»

Գերմանիա. «Թուրքիոյ Մէջ Յեղաշրջման Փորձին Հետ Կիւլենի Կապը Ապացուցուած Չէ»

Գերմանիոյ իշխանութիւնները ապացուցուած չեն նկատեր յեղաշրջման փորձին կազմակերպման վերաբերեալ թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենին ուղղուած Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մեղադրանքները: Այդ մասին նշուած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է ի պատասխան գերմանական «Ձախ» կուսակցութեան յղած գրաւոր հարցումին: «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը կը գրէ, թէ «Ձախ» կուսակցութիւնը խնդրած էր պատասխանել Գերմանիոյ մէջ կիւլենականներու գործունէութիւն ծաւալելու եւ գերմանական յատուկ ծառայութիւններու...

Փութին. «Ռուսիան Դէմ Է ՕԹԱՆ-ի  Դէպի Արեւելք Ընդլայնման»

Փութին. «Ռուսիան Դէմ Է ՕԹԱՆ-ի Դէպի Արեւելք Ընդլայնման»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիան բացասաբար պիտի վերաբերի ՕԹԱՆ-ի դէպի Վրաստան եւ Ուքրանիա ընդլայնումին: Այս մասին Փութին յայտարարած է «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս ան պիտի վերաբերէր Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի` դաշինքին անդամակցութեան, Փութին պատասխանած է. «Չափազանց բացասաբար»: Անոր համաձայն, «կարելիութիւն կայ աշխատելու անմիջապէս այդ երկիրներուն հետ երկկողմ ձեւաչափով»: «Երբ Խորհրդային...

Թրամփ Յայտարարած Է, Թէ Հելսինքիի  Վեհաժողովին Ձեռք Բերուած Են «Լաւ Արդիւնքներ»

Թրամփ Յայտարարած Է, Թէ Հելսինքիի Վեհաժողովին Ձեռք Բերուած Են «Լաւ Արդիւնքներ»

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Տանըլտ Թրամփ Հելսինքիի վեհաժողովին ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ, Ուքրանիոյ եւ հիւլէական զէնք չտարածելու վերաբերող հարցերը, ձեռք բերուեցան «լաւ արդիւնքներ»: Երէկ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Մենք խօսեցանք հիւլէական սպառազինութիւնները չտարածելու մասին, խօսեցանք Սուրիոյ եւ մարդասիրական օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ շատ այլ բաներու մասին», ըսաւ...

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Խորհուրդը  Կը Պատրաստուի Սուրիական Կառավարութեան  Հետ Երկխօսութիւն Կատարելու

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Խորհուրդը Կը Պատրաստուի Սուրիական Կառավարութեան Հետ Երկխօսութիւն Կատարելու

Սուրիոյ ժողովրդավարական խորհուրդը յայտարարեց, որ կը սերտէ հիւսիսային Սուրիոյ շրջաններու բնակչութիւնը ներկայացնող հարթակի մը ստեղծումը` առ ի պատրաստութիւն սուրիական կառավարութեան հետ երկխօսութեան: Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Թապքա քաղաքին մէջ խորհուրդի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որուն ներկայ էին շուրջ 240 անձեր: Սուրիոյ ժողովրդավարական խորհուրդի նախագահական մարմինի անդամ Հիքմեթ Հապիպ յայտնեց, որ խորհրդաժողովի նպատակներէն մէկը սուրիական կառավարութեան հետ բանակցութեան համար հարթակի ստեղծումն է: Ան...

Թրքական Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ուքրանիոյ  Տարածքէն Առեւանգած Են  Թուրք Գործարար Մը Եւ Լրագրող Մը

Թրքական Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ուքրանիոյ Տարածքէն Առեւանգած Են Թուրք Գործարար Մը Եւ Լրագրող Մը

Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները Ուքրանիոյ տարածքէն առեւանգած են թուրք գործարար մը եւ լրագրող մը, եւ զանոնք տեղափոխած Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդէ ուքրանական «Սթրանա» կայքը: Թուրք գործարար Սալիհ Զեքի Եիղիթ առեւանգուած է Օտեսայէն, իսկ լրագրող Եուսուֆ Ինան առեւանգուած է Նիքոլայեւէն: Եիղիթը առեւանգելէ անմիջապէս ետք զինք տարած են Օտեսային մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարան, ուրկէ ալ զինք տեղափոխած են հայրենիք: Թրքական «Տիքեն» կայքը նշած...

Թուրքիա Քրտական Ուժերու Մընպեժէն Ամբողջական  Հեռացման Լուրը Կը Նկատէ Չափազանցուած

Թուրքիա Քրտական Ուժերու Մընպեժէն Ամբողջական Հեռացման Լուրը Կը Նկատէ Չափազանցուած

Մընպեժի զինուորական խորհուրդը յայտարարեց, թէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու վերջին խումբը, «մարզումի եւ զինուորական պատրաստութեան իր առաքելութիւնը աւարտելէն ետք», Միջազգային ուժերուն հետ համաձայնաբար քաղաքէն դուրս եկած է: «Այս քայլը համահունչ է իր սահմաններուն մօտիկ շրջաններէն անոր հեռացման թրքական պահանջին», նշեց խորհուրդը: Սակայն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով այդ յայտարարութեան, նշեց. «Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու սուրիական Մընպեժէն ամբողջական հեռացման մասին լուրերը...

Հելսինքիի Մէջ Փութին – Թրամփ  «Շինիչ Եւ Անկեղծ» Հանդիպում

Հելսինքիի Մէջ Փութին – Թրամփ «Շինիչ Եւ Անկեղծ» Հանդիպում

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին աւարտին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ հանդիպումը «շինիչ եւ անկեղծ» էր` աւելցնելով. «Ամերիկացի գործընկերներուն ներկայացուցինք փաստաթուղթ մը, որ զինումի նուազեցման շուրջ շարք մը առաջարկներ կը բովանդակէ»: Ան յայտնեց, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա կրնան գործակցիլ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական...

Իրան Կը Դատապարտէ Գիանջայի  Իրադարձութիւնները.  Սումկայիթի Մէջ Ձերբակալուած Են «Արմատական»  Ընդդիմութեան Եւ Կրօնական Խումբերու 18 Գործիչներ

Իրան Կը Դատապարտէ Գիանջայի Իրադարձութիւնները. Սումկայիթի Մէջ Ձերբակալուած Են «Արմատական» Ընդդիմութեան Եւ Կրօնական Խումբերու 18 Գործիչներ

Կիրակի օր Սումկայիթի մէջ Ազրպէյճանի իրաւապահ մարմիններու կատարած գործողութեան ընթացքին ծայրայեղական կրօնական խումբերու 18 գործիչներ եւ անոնց աջակցող արմատական ընդդիմութեան աջակիցներ ձերբակալուած են: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: Իրաւապահ մարմիններէն ԱՓԱ-ին յայտնած են, որ հիմնականին մէջ արտաքին ուժերու կողմէ կառավարուող ձերբակալուածները կը պատրաստուէին Սումկայիթի մէջ կրկնել Գիանջայի (Գանձակ) դէպքերը, խախտել քաղաքին մէջ հասարակական-քաղաքական կայունութիւնը` անկարգութիւններ եւ բախումներ...

Հարաւային Իրաքի Մէջ Բողոքի Ցոյցերը  Կը Շարունակուին Երկրորդ Շաբաթն Ըլլալով

Հարաւային Իրաքի Մէջ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին Երկրորդ Շաբաթն Ըլլալով

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտնեց, որ երբ պետութիւնը կ՛ընդառաջէ քաղաքացիներու պահանջներուն, ատիկա ուժի ցուցանիշ է եւ ոչ թէ տկարութեան: Ապատի նախարարներու եւ ապահովական մարմիններու ղեկավարներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ իրաքցիները քաոս եւ ապահովական ուժերու դէմ յարձակումներ չեն ընդունիր` նշելով, որ խաղաղ ցոյցերը իրենց հունէն դուրս բերելը երկիրը ետ տանելու փորձ մըն է` ընդգծելով, որ պէտք է դէմ դնել անոր,...

Եւրոպական Միութիւնն Ու Չինաստանը Կ՛աջակցին  Ապահովութեան Խորհուրդի Որոշումին  Հիմամբ Սուրիոյ Տագնապի Լուծման

Եւրոպական Միութիւնն Ու Չինաստանը Կ՛աջակցին Ապահովութեան Խորհուրդի Որոշումին Հիմամբ Սուրիոյ Տագնապի Լուծման

Եւրոպական Միութիւնն ու Չինաստանը յայտարարեցին. «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը ամբողջական պարտութեան մատնելու միակ ուղին տագնապը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն հիմամբ լուծելն է»: Երկու կողմերուն միջեւ գումարուած 20-րդ վեհաժողովէն բխած միացեալ հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «Եւրոպական Միութիւնն ու Չինաստանը կ՛աջակցին Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին հիմամբ քաղաքական լուծումին, որ յարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան հասնելու եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան ամբողջական պարտութեան...

Իրան ՄԱԿ-ի Միջազգային Դատարանին  Բողոք Ներկայացուցած Է  Միացեալ Նահանգներուն Դէմ

Իրան ՄԱԿ-ի Միջազգային Դատարանին Բողոք Ներկայացուցած Է Միացեալ Նահանգներուն Դէմ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարած է, թէ Իրան դիմած է ՄԱԿ-ի միջազգային դատարան` միակողմանի պատժամիջոցներ սահմանելնուն համար բողոք ներկայացնելով Միացեալ Նահանգներու դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Իրան այսօր դիմած է ՄԱԿ-ի միջազգային դատարան, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ պատասխանատուութիւն կրեն միակողմանի պատժամիջոցները երկրորդ անգամ անօրինական կերպով սահմանելնուն համար: Իրան յանձնառու է օրէնքի գերակայութեան` Միացեալ Նահանգներու կողմէ դիւանագիտութեան...

Թուրքիոյ Արդարադատութեան Նախարարը  Խօսած Է Արտակարգ Դրութեան Ջնջումին Մասին

Թուրքիոյ Արդարադատութեան Նախարարը Խօսած Է Արտակարգ Դրութեան Ջնջումին Մասին

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիթ Կիւլ յայտնած է, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի ջնջուի երկրին մէջ շուրջ երկու տարիէ ի վեր գործող արտակարգ դրութիւնը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Արտակարգ դրութիւնը քանի մը օրէն պիտի աւարտի, սակայն ատիկա պիտի չնշանակէ, թէ մենք պիտի դադրեցնենք պայքարը ահաբեկչութեան դէմ», նշած է ան: Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած...

Չինաստան Առեւտուրի Համաշխարհային  Կազմակերպութեան Մօտ Բողոք Կը Ներկայացնէ  Ամերիկեան Մաքսատուրքերուն Դէմ

Չինաստան Առեւտուրի Համաշխարհային Կազմակերպութեան Մօտ Բողոք Կը Ներկայացնէ Ամերիկեան Մաքսատուրքերուն Դէմ

Չինաստանի առեւտուրի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ դիմած է Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւն` յաւելեալ բողոք ներկայացնելով Միացեալ Նահանգներու`  չինական ապրանքներու վրայ լրացուցիչ մաքսատուրքեր սահմանելու մտադրութեան դէմ: Չինաստանի առեւտուրի նախարարութեան բանբերը անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան յայտնեց, որ իր երկիրը բուռն կերպով կը մերժէ յաւելեալ մաքսատուրքերու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու կատարած յայտարարութիւնը` նշելով. «Ամերիկայի որոշումը մագլցողական է եւ բացարձակապէս անընդունելի»: Ան նաեւ նշեց. «Չինական կառավարութիւնը, պաշտպանելու համար...

«Թուրքիոյ Մէջ Իրավիճակ Փոխելու Համար  Պատասխանատուութիւն Պէտք Է Ստանձնեն  Երկրի Բոլոր Ընդդիմադիր Ուժերը»  Կ՛ըսէ Փայլան

«Թուրքիոյ Մէջ Իրավիճակ Փոխելու Համար Պատասխանատուութիւն Պէտք Է Ստանձնեն Երկրի Բոլոր Ընդդիմադիր Ուժերը» Կ՛ըսէ Փայլան

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի` Տիգրանակերտէն ընտրուած երեսփոխան Կարօ Փայլան թրքական «Կազեթէտուվար» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ երկրին մէջ իրավիճակ փոխելու համար մեծ պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնեն Թուրքիոյ բոլոր ընդդիմադիր ուժերը: «Եթէ չկոտրենք ազգայնական այս մթնոլորտը, յետոյ շատ դժուար պիտի ըլլայ: Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի ու «Լաւ» կուսակցութիւններն ալ պէտք է պայքարին երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող ֆաշական...

Նեթանիահու Բանակցած Է Թրամփի Հետ

Նեթանիահու Բանակցած Է Թրամփի Հետ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնած է, որ շաբաթ օր ռուս-ամերիկեան վեհաժողովի նախօրեակին Սուրիոյ եւ Իրանի խնդիրները քննարկած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Նեթանիահու նոյն հարցերը այս շաբթուան սկիզբը քննարկած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: «Երէկ ես խօսած եմ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ եւ քննարկած անվտանգութեան ու քաղաքականութեան հարցերը շրջանին,...

Քրեմլին. «Փութին-Թրամփ Հանդիպման Վայրին  Եւ Թուականին Մասին  Պիտի Յայտարարենք Յարմար Պահուն»

Հանդիպումին «Կատարեալ» Արդիւնքը` Ըստ Լաւրովի. Այսօր Փութին-Թրամփ Վեհաժողով

Այսօր Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ սպասուած վեհաժողովը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ 16 յուլիսին Հելսինքիի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին կատարեալ արդիւնքը պիտի ըլլար առանցքային հարցերու շուրջ քննարկման ուղիներու վերականգնումը: «Կազեթա» կայքը...

Փութին Ու Էրտողան Քննարկած Են Սուրիոյ  Տագնապի Լուծման Վերաբերող Հարցեր

Փութին Ու Էրտողան Քննարկած Են Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Վերաբերող Հարցեր

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղուած միացեալ քայլերը: «ՌԻԱ Նովոսթի», վկայակոչելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ Փութին դարձեալ շնորհաւորած է թուրք պաշտօնակիցը` ընտրութիւններուն ընթացքին տարած յաղթանակին եւ նախագահի պաշտօնը դարձեալ ստանձնելուն համար: Զրոյցի ժամանակ երկու կողմերն ալ ընդգծած են տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան հետագայ յառաջխաղացման տրամադրուածութիւնը:...

Page 597 of 883 1 … 596 597 598 … 883

Արխիւներ