Հնդկաստանի մէջ Ջուրերու կեդրոնական խորհուրդը յայտարարեց, որ յուլիսի սկիզբէն ի վեր Հնդկաստանի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ շարունակուող անձրեւներուն պատճառով արձանագրուած է 511 զոհ:
Խորհուրդը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ այդ ողողումներուն պատճառով նաեւ արձանագրուած են 176 վիրաւորներ:
«Ողողումներն ու հողի սահանքները երկրին հիւսիսարեւելեան 91 շրջաններու մէջ վնասներ պատճառեցին եւ պատճառ դարձան աւելի քան մէկ միլիոն անասուններու սատկելուն», յայտնեց խորհուրդը:
Նշենք, որ Հնդկաստանի մէջ այս տարի կ՛արձանագրուին տեղատարափ անձրեւներ, որոնք անցնող 64 տարիներուն ընթացքին ամէնէն յորդառատն են: