Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Ու Էրտողան Քննարկած Են Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Վերաբերող Հարցեր

July 16, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղուած միացեալ քայլերը:

«ՌԻԱ Նովոսթի», վկայակոչելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ Փութին դարձեալ շնորհաւորած է թուրք պաշտօնակիցը` ընտրութիւններուն ընթացքին տարած յաղթանակին եւ նախագահի պաշտօնը դարձեալ ստանձնելուն համար: Զրոյցի ժամանակ երկու կողմերն ալ ընդգծած են տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան հետագայ յառաջխաղացման տրամադրուածութիւնը:

«Քննարկուած են միջազգային օրակարգի եւ շրջանային խնդիրներուն վերաբերող այժմէական հարցերը: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Սուրիոյ մէջ ճգնաժամային իրավիճակի լուծման ուղղուած միացեալ քայլերուն` հիմնուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերուն վրայ», կ՛ըսուի Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահական բանբերի մը համաձայն, Էրտողան Փութինին յայտնած է, որ Սուրիոյ բանակին կողմէ Իտլիպի նահանգին մէջ որեւէ յարձակում պիտի տապալէ Ասթանայի համաձայնութիւնը:

Էրտողան յայտնած է, որ Տարաայի մէջ քաղաքայիններուն թիրախի վերածուիլը մտահոգիչ է, իսկ Իտլիպ նահանգը նոյնպիսի յարձակումի ենթարկելը պատճառ պիտի դառնայ, որ Ասթանայի համաձայնութեան խորքը ամբողջովին քայքայուի:

Բանբերը յայտարարած է, որ երկու նախագահները համաձայնած են այս ամսուան վերջաւորութեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրներու վեհաժողովի ծիրին մէջ ունենալ հանդիպում մը:

Նախորդը

Գիանջայի Մէջ Վերջին Իրադարձութիւններու Լոյսին Տակ Ուժեղացուած Է Ազրպէյճանի Զինուորական Կեդրոններու Պաշտպանութիւնը

Յաջորդը

Հանդիպումին «Կատարեալ» Արդիւնքը` Ըստ Լաւրովի. Այսօր Փութին-Թրամփ Վեհաժողով

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.