Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Տանըլտ Թրամփ Հելսինքիի վեհաժողովին ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ, Ուքրանիոյ եւ հիւլէական զէնք չտարածելու վերաբերող հարցերը, ձեռք բերուեցան «լաւ արդիւնքներ»: Երէկ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
«Մենք խօսեցանք հիւլէական սպառազինութիւնները չտարածելու մասին, խօսեցանք Սուրիոյ եւ մարդասիրական օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ շատ այլ բաներու մասին», ըսաւ Թրամփ:
«Մենք երկարատեւ եւ շատ լաւ հանդիպում ունեցանք: Մենք քննարկեցինք բազմաթիւ նիւթեր, ներառեալ պատերազմը եւ խաղաղութիւնը, տնտեսութիւնը, Ուքրանիան: Մենք առաջին անգամ առանձնացած հանդիպեցանք այդքան երկար, եւ ես կը կարծեմ, որ իրօք յաջողեցանք յանգիլ լաւ եզրակացութիւններու», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը` ճշդելով, որ եզրակացութիւններէն մէկը կը վերաբերի Իսրայէլին:
Թրամփի գնահատականով` Փութին վեհաժողովի ընթացքին ցուցադրեց իր ուժեղ յատկութիւնները: «Ան ուժեղ էր», խոստովանած է Թրամփ, նաեւ նշած, որ Ռուսիոյ նախագահը կը գնահատէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ուժեղ յատկութիւնները:
«Ան Պիպիի (Պենիամին Նեթանիահուիի, «Ա.») մեծ երկրպագուն է, ան շատ կ՛օգնէ անոր եւ ասկէ ետք ալ պիտի օգնէ, ինչ որ շատ լաւ է բոլորիս համար», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը` չճշդելով, որ ինք ճիշդ ի՛նչ նկատի ունի:
Թրամփ իր թուիթըրեան էջին վրայ եւս այս նիւթով գրառում կատարեց` նշելով, որ Փութինի հետ դէմ առ դէմ հանդիպումը օգտակար էր ո՛չ միայն Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի, այլեւ ամբողջ աշխարհի համար:
Փութին իր կարգին «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հանդիպումի ընթացքին շատ բան դէպի լաւ փոխուեցաւ… ասիկա լաւ սկիզբ է»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշեց. «Կը կարծեմ` Վլատիմիր Փութին կը ցանկար Իրանի համաձայնագիրը պահպանել, որովհետեւ ատիկա շահաւէտ է Ռուսիոյ համար. անոնք Իրանի հետ առեւտուր կը կատարեն: Սակայն ատիկա շահաւէտ չէ մեր երկրի եւ, ի վերջոյ, ամբողջ աշխարհի համար»:



