Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին աւարտին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ հանդիպումը «շինիչ եւ անկեղծ» էր` աւելցնելով. «Ամերիկացի գործընկերներուն ներկայացուցինք փաստաթուղթ մը, որ զինումի նուազեցման շուրջ շարք մը առաջարկներ կը բովանդակէ»:
Ան յայտնեց, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա կրնան գործակցիլ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական տագնապի լուծման համար եւ գաղթականներու տունդարձի հարցին շուրջ` շեշտելով, որ երկու երկիրները կրնան յանձն առնել սուրիական տագնապի լուծման ղեկավարութիւնը:
Փութին նշեց, որ Սուրիոյ հարաւային շրջանի` ահաբեկչութենէն ազատագրումէն ետք պէտք է վերադառնալ Կոլանի շրջանին մէջ զինադադարի դրութեան, եւ այդտեղի կացութիւնը պէտք է վերադառնայ 1974-ի համաձայնութեան համահունչ եղող նախկին կացութեան, ինչպէս նաեւ պէտք է պատրաստել պայմանները Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան թիւ 338 որոշումին արդար կերպով վերադառնալու:
Պատասխանելով ամերիկեան ընտրութիւններուն ռուսական միջամտութեան վերաբերեալ հարցումի մը` Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ պէտք չէ այս հարցով տարաձայնութիւններուն վրայ հիմնուիլ, սակայն շեշտեց, որ իր նախընտրութիւնն էր, որ 2016-ի նախագահական ընտրութեան Թրամփ յաղթանակ արձանագրէ, «որովհետեւ ան խոստացաւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւել»:
Ինչ կը վերաբերի Իրանի, Փութին յայտնեց, որ Թրամփին յայտնած է Թեհրանի հետ կնքուած Համագործակցութեան համապարփակ ու միացեալ գործողութիւններու համաձայնագիրէն Ուաշինկթընի դուրս գալուն վերաբերեալ Ռուսիոյ մտահոգութիւնը` նշելով. «Ուաշինկթըն գիտէ, թէ Իրանի նկատմամբ մեր սկզբունքային կեցուածքը չէ փոխուած»:
Փութին իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Մեր դիմաց կան բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք չկրցանք մէկ հանդիպումով լուծել… եւ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները պէտք չէ քաղաքական տարակարծութիւններու խաղաթուղթ ըլլան»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր կարգին յայտնեց, որ Փութինի հետ խօսած է երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ տարակարծութիւններուն մասին` շնորհակալութիւն յայտնելով իր պաշտօնակիցին «այս կարեւոր վեհաժողովին» մէջ իրեն հետ հանդիպում ունենալուն համար` աւելցնելով. «Պէտք է քաղաքական գետնի վրայ ռիսքի դիմենք, որպէսզի խաղաղութիւն հաստատենք»:
Թրամփ յայտնեց, որ Փութինի հետ խօսած է ամերիկեան ընտրութիւններուն ռուսական միջամտութեան մասին` աւելցնելով. «Միշտ ըսած եմ, թէ ամերիկեան ընտրութիւններուն ընթացքին նախագահ Փութինի հետ դաւադրութիւն չկար, եւ զինք չէի ճանչնար… չեմ կարծեր, որ Ռուսիան տիկին Հիլըրի Քլինթընի երեք հազար ելեկտրոնային նամակները կորսնցուց»: