Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Կը Դատապարտէ Գիանջայի Իրադարձութիւնները. Սումկայիթի Մէջ Ձերբակալուած Են «Արմատական» Ընդդիմութեան Եւ Կրօնական Խումբերու 18 Գործիչներ

July 17, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի օր Սումկայիթի մէջ Ազրպէյճանի իրաւապահ մարմիններու կատարած գործողութեան ընթացքին ծայրայեղական կրօնական խումբերու 18 գործիչներ եւ անոնց աջակցող արմատական ընդդիմութեան աջակիցներ ձերբակալուած են: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:

Իրաւապահ մարմիններէն ԱՓԱ-ին յայտնած են, որ հիմնականին մէջ արտաքին ուժերու կողմէ կառավարուող ձերբակալուածները կը պատրաստուէին Սումկայիթի մէջ կրկնել Գիանջայի (Գանձակ) դէպքերը, խախտել քաղաքին մէջ հասարակական-քաղաքական կայունութիւնը` անկարգութիւններ եւ բախումներ կազմակերպելու ճամբով:

Անոնց գործունէութեան մասին տեղեկութիւնը մանրամասնօրէն ուսումնասիրուած է, յայտնաբերուած են ծայրայեղականներու միջեւ կապերը եւ բացայայտուած անոնց ծրագիրները:

Նախքան այդ, «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իրաւապահ մարմիններու մէկ աղբիւրը, հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը ձերբակալած է խումբ մը մարդիկ, որոնք Սուրիոյ մէջ մասնակցած են զինուորական գործողութիւններու: Անոնցմէ մէկը գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Գիանջա (Գանձակ) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն:

«Եունիս Սաֆարովը, որ մահափորձ կատարած է Գիանջայի քաղաքապետին դէմ, նախապէս Սուրիոյ տարածք ուղարկուած է ոմն Թոխիտ Իպրահիմպէյլիի կողմէ, որ այժմ կը բնակի Իրան: Եունիս Սաֆարովը Սուրիա ուղարկելու նպատակը անոր կողմէ զինուորական պատրաստուածութիւն ստանալն էր եւ զինուորական գործողութիւններուն մասնակցիլը: Թոխիտ Իպրահիմպէյլին, որ պարբերաբար հանդէս կու գայ Ազրպէյճանի դէմ արմատական կոչերով, տակաւին 2017 թուականի յունուարին արմատական շիիներու կայքին ընդմէջէն կոչ ուղղած էր սպաննելու Գիանջայի քաղաքապետ Էլմար Վելիեւը», յայտնած է աղբիւրը:

Պարզուած է, որ Իպրահիմպէյլին 2013-էն 2016 թուականներուն իրանեան Քոմ քաղաքին մէջ Ազրպէյճանի շարք մը քաղաքացիներ հաւաքած է զանոնք Սուրիա ուղարկելու եւ այնտեղ զինեալ խմբաւորումներու կազմին մէջ զինուորական գործողութիւններուն մասնակցելու նպատակով: Եունիս Սաֆարովէն բացի, այդ հաւաքներու մասնակիցներուն շարքին եղած է նաեւ Թալեխ Կէյուշովը, որ եղած է 10 յուլիսին Գիանջայի մէջ ցոյցերու աշխուժ մասնակիցներէն մէկը: Աղբիւրին հաղորդումով` այդ անօրինական գործողութիւններուն պատճառով այդ անձերը 14 յուլիսին ձերբակալուած են երկրի պետական անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Գիանջա քաղաքին մէջ անկարգութիւններու համար ձերբակալուած են 22 անձեր:

Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի, երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին արտայայտուելով այն լուրերուն մասին, թէ Գիանջայի քաղաքապետին դէմ մահափորձ կատարած անձը մարզուած է Իրանի մէջ, յայտնած է. «Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը միշտ դատապարտած է բռնութիւնը: Մենք կը դատապարտենք այդ գործողութիւնները եւ յոյս ունինք, որ վիրաւորներու առողջական վիճակը կը բարելաւուի»:

«Յոյսով ենք, որ մենք այլեւս աշխարհի վրայ չենք տեսներ այդպիսի իրադարձութիւններ, յատկապէս` դրացի երկիրներուն մէջ: Մենք շահագրգռուած ենք, որ դրացի երկիրները զարգանան խաղաղութեան եւ հանգստութեան պայմաններու մէջ: Կը կարծենք, որ դրացիներու կայունութիւնը կը նշանակէ կայունութիւն ամբողջ շրջանին մէջ: Կը դատապարտենք այդ գործողութիւնները եւ կը յայտարարենք, որ վերջին շաբաթներուն ընթացքին որոշ կեդրոններ հաշուարկուած, շօշափելի հոգեբանական պատերազմի սկսած են Իրանի դէմ: Նախապատրաստական աշխատանքներ կատարելով, կեղծ տեղեկութիւններ տարածելով` անոնք տարբեր մեղադրանքներ կ՛առաջադրեն Իրանի դէմ: Մենք կը խնդրենք ընկերներէն ուշադրութիւն դարձնել Իրանի թշնամիներուն սկսած հոգեբանական պատերազմին վրայ եւ արթուն ըլլալ», ըսած է ան:

Նախորդը

Հարաւային Իրաքի Մէջ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին Երկրորդ Շաբաթն Ըլլալով

Յաջորդը

Հելսինքիի Մէջ Փութին – Թրամփ «Շինիչ Եւ Անկեղծ» Հանդիպում

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.