Գիանջայի Մէջ Վերջին Իրադարձութիւններու Լոյսին Տակ Ուժեղացուած Է Ազրպէյճանի Զինուորական Կեդրոններու Պաշտպանութիւնը
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Գիանջա (Գանձակ) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն լոյսին տակ հրամայած է ուժեղացնել զինուորական կեդրոններու պաշտպանութիւնը եւ բարձրացնել զինուորներու բարոյահոգեբանական պատրաստութեան մակարդակը: Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան յղում կատարելով, կը հաղորդէ, որ Հասանով աշխատանքային խորհրդակցութեան ժամանակ ընդգծած է Գիանջայի մէջ տեղի ունեցած սադրանքներու լոյսին տակ զօրամասերու մէջ պաշտպանութեան ուժեղացման, ինչպէս նաեւ յառաջատար ստորաբաժանումներու...




















