Թուրքիոյ Այտըն նահանգի Քուշատասը քաղաքի ափերուն մօտ անօրինական ներգաղթեալներ տեղափոխող նաւ մը ընկղմած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Նաւուն վրայ գտնուած են 13 անձեր, որոնք կը փորձէին հասնիլ Յունաստան: Անոնցմէ 9-ն խեղդուած է, իսկ 4-ը` փրկուած:
Զոհերէն 7-ը եղած է երեխայ, իսկ երկուքը` կին:
Դէպքի վայր հասած են Թուրքիոյ եզերապահ ուժերու նաւերը: