Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի գրասենեակի բանբեր Սաատ Հատիսի յայտնեց. «Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն վերաբերեալ Իրաքի դիրքորոշումը կը բխի իրաքեան ընդհանուր շահերէն»:
«Այդ պատժամիջոցներուն վերաբերեալ Իրաքի կեցուածքը կամայական կամ շուտիկութիւն չէր, այլ բխեցաւ Իրաքի եւ իրաքցիներու շահերուն վերաբերող ուսումնասիրութենէ եւ հաշիւներէ, եւ ատոր մէջ չկար այլ երկիրներու կամ քաղաքական որոշ կուսակցութիւններու կեցուածքներու ազդեցութիւն», նշեց Հատիսի:
«Իրաքեան կառավարութիւնը չի կրնար որդեգրել կեցուածք մը, որ չի համապատասխաներ իրաքցի ժողովուրդի շահերուն, ուստի Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն նկատմամբ յանձնառութիւնը բխեցաւ այդ շահէն», աւելցուց ան:
Յիշեցնենք, որ Իրաքի վարչապետը յայտարարած էր, որ Իրաք Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն համաձայն չէ, սակայն իր շահերը պաշտպանելու համար պիտի կատարէ զանոնք: