Քրեմլին երէկ յայտնեց, որ կասպեան հինգ երկիրներու ղեկավարները 12 օգոստոսին Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մէջ կայանալիք վեհաժողովին պիտի ստորագրեն Կասպից ծովու կարգավիճակին վերաբերող համաձայնագիրը:
Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք, աւելի քան երկու տասնամեակ քննարկուող այս հարցին շուրջ մինչեւ հիմա համաձայնութիւն չէր գոյանար: