Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Ամերիկայի Միակողմանի Քայլերը Կը Վնասեն Անոր Շահերուն, Եւ Կրնանք Նոր Դաշնակիցներ Փնտռելու Սկսիլ»

Օգոստոս 13, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Թուրքիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներուն որդեգրած միակողմանի քայլերը միայն Ամերիկայի շահերուն ու անվտանգութեան կը վնասեն»` նշելով. «Ուաշինկթըն պէտք է հրաժարի իր սխալ միտքէն, թէ երկու կողմերուն յարաբերութիւնները կրնան իրարահաւասարութեան սկզբունքին հակասել, եւ պէտք է ընդունի Թուրքիոյ համար այլընտրանքներու գոյութիւնը»:

Էրտողան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրեց. «Եթէ ամերիկացի պաշտօնատարները այդ միակողմանի եւ վնաս հասցնող վարուելակերպը չփոխեն, Թուրքիան պիտի սկսի նոր դաշնակիցներու փնտռտուքին»:

«Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները 60 տարիէ ի վեր ՕԹԱՆ-ի մէջ ռազմավարական գործընկերներ ու դաշնակիցներ են, եւ Պաղ պատերազմի ընթացքին եւ ատկէ ետք միասնաբար դիմակայած են դժուարութիւնները», ըսաւ ան:

«Ամերիկան շարունակ ձախողեցաւ հասկնալ ու յարգել թուրք ժողովուրդին մտահոգութիւնները: Վերջին տարիներուն մեր գործընկերութիւնը տարակարծութիւններու ճամբով փորձաքարի ենթարկուեցաւ: Դժբախտաբար փաստուեցաւ, որ այդ վտանգաւոր ուղղուածութիւնը շրջելու մեր փորձերը ապարդիւն են: Եթէ Միացեալ Նահանգներ չսկսին յարգել Թուրքիոյ գերիշխանութիւնը եւ չփաստեն, թէ կը գիտակցին մեր ժողովուրդին դիմագրաւած վտանգներուն, մեր գործընկերութիւնը կրնայ վտանգուիլ», գրեց Էրտողան:

Ան նշեց, որ ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի հարցով Ուաշինկթընին սպառնալիքներ ուղղելու որոշումը «անընդունելի էր ու անտրամաբանական, եւ ի վերջոյ վնաս պատճառեց մեր երկարատեւ բարեկամութեան»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարեց, թէ Թուրքիան պիտի պատասխանէ թրքական ալիւմինիոմի եւ պողպատի ներածման համար նոր մաքսատուրքեր սահմանելու Միացեալ Նահանգներու որոշումին:

«Թուրքիոյ դէմ ձեռնարկուած բոլոր քայլերը նախկինին պէս պիտի ստանան իրենց արժանի պատասխանը», յայտարարեց Աքսոյ` Միացեալ Նահանգները մեղադրելով Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան կանոնները անտեսելու մէջ:

Աքսոյ ընդգծեց, թէ Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներու եւ ճնշման միջոցով պիտի չկարենան որեւէ արդիւնքի հասնիլ, այլ միայն պիտի վնասեն թուրք-ամերիկեան դաշինքին: «Միեւնոյն ժամանակ Թուրքիան միշտ պիտի պահպանէ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, երկխօսութիւնը, բարի կամքն ու փոխըմբռնումը», յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

10 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ հրամայած է Թուրքիայէն ներածուող ալիւմինիոմի եւ պողպատի համար սահմանուած մաքսատուրքերը կրկնապատկել: «Պողպատինը 50 առ հարիւր պիտի ըլլայ, իսկ ալիւմինիոմինը` 20 առ հարիւր», ըսած էր ան:

Էրտողան երէկ թուրքերուն կոչ ուղղեց տոլար ծախելու եւ թրքական լիրա գնելու` նշելով. «Թուրքիան ելեւմտական ներկայ ճգնաժամին պատճառով նոր շուկաներ եւ նոր դաշնակիցներ կը փնտռէ»:

 

Նախորդը

Արժէքների Պատերազմ

Յաջորդը

Ըստ Հայտար Ապատիի Գրասենեակի Բանբերին. Իրանի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն Վերաբերեալ Իրաքի Դիրքորոշումը Կը Բխի Իրաքեան Ընդհանուր Շահերէն

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?