Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

22-ամեայ Ձախողութենէ Ետք. Ղազախստանի Մէջ Ստորագրուեցաւ Կասպից Ծովու Համաձայնագիրը

August 13, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ազրպէյճանի, Իրանի, Ղազախստանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքմենիստանի ղեկավարները Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մէջ գումարեցին ժողով մը, որուն աւարտին ստորագրեցին Կասպից ծովու կարգավիճակին շուրջ համաձայնագիր մը:

Կասպից ծովը եզերող երկիրներու ղեկավարներու շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած վեհաժողովին ընթացքին իրենց ստորագրած նշեալ համաձայնագիրին ճամբով անոնք որոշեցին Կասպից ծովը չեզերող երկիրներուն անոր ջուրերուն մէջ ներկայութիւնը արգիլել:

Համաձայնագիրը նաեւ կը ճշդէ Կասպից ծովու կարգավիճակը, բան մը, որուն շուրջ 22 տարիէ ի վեր կարելի չէր եղած համաձայնութիւն գոյացնել:

Ըստ համաձայնագիրին, Կասպից ծովու մակերեսը պիտի ըլլայ հասարակաց տարածք, իսկ անոր յատակն ու ընդերքը դրացի պետութիւններուն միջեւ պիտի բաժնուին միջազգային իրաւունքի եւ անոնց միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիմամբ:

Համաձայնագիրը նաեւ կը վերահաստատէ, որ զայն ստորագրած հինգ երկիրներէն դուրս որեւէ երկիր չի կրնար իր զինեալ ուժերը տեղակայել Կասպից ծովուն մէջ:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ողջունեց հռչակագիրին ստորագրութիւնը` զայն կոչելով «պատմական»:

«Հռչակագիրին ստորագրութիւնը պատմական իրադարձութիւն է: Ազրպէյճան կառուցողական կերպով աշխատած է, իր ներդրումը ունեցած է: Եւ մինչեւ հռչակագիրին ստորագրութիւնը Կասպից ծովը եղած է կայունութեան, անվտանգութեան ծով: Մենք վստահութիւն, համագործակցութեան բարձր մակարդակ ունինք: Կասպից ծովու անվտանգութիւնը կ՛որոշուի հռչակագիրով: Ազրպէյճանը աշխուժ ներդրում կ՛ունենայ կենսոլորտական հարցին մէջ, նաւթակազային գործարքներուն մէջ կենսոլորտային անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ: Մենք լաւ յարաբերութիւններ կառուցած ենք` շահերու, փոխադարձ ըմբռնումի հիման վրայ: Այս փաստաթուղթը կարեւոր դեր պիտի խաղայ մեր երկիրներու ապագային համար», ըսաւ Ալիեւ հռչակագիրին ստորագրութենէն ետք իր արտասանած խօսքին մէջ:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին յայտնեց, որ համաձայնագիրին ստորագրութիւնը «շատ կարեւոր քայլ մըն է այս ծովը եզերող երկիրներուն միջեւ միասնականութեան ամրապնդման երթին մէջ»` յայտարարելով, որ իր երկիրը հիւսիսի եւ հարաւի մէջ ծովափներ ունենալով պատրաստ է առեւտուրի զարգացման մէջ կատարելու իր ռազմավարական եւ շրջանային դերակատարութիւնը:

«Այս ծովը, իբրեւ շրջան, շատ կարեւոր է եւ ռազմավարական, եւ անոր կառավարութիւններուն ու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան, գործակցութեան եւ միասնականութեան առանցք մըն է», նշեց ան:

Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կիրակի օր յայտարարեց, որ Կասպեան հինգ երկիրները պիտի ստեղծեն Կասպեան տնտեսական համախմբում մը:

 

Նախորդը

Ըստ Հայտար Ապատիի Գրասենեակի Բանբերին. Իրանի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն Վերաբերեալ Իրաքի Դիրքորոշումը Կը Բխի Իրաքեան Ընդհանուր Շահերէն

Յաջորդը

Ամսթերտամի Մէջ Յարձակում` Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Դէմ

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.