Հոկտեմբեր 2018-ին Տաճիկիստանի մէջ տեղի պիտի ունենան ՀԱՊԿ-ի Կեդրոնական Ասիոյ շրջանային արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու միացեալ «Ռուպեժ-2018» մարտավարական ռազմափորձերը: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի մամլոյ ծառայութիւնը:
Կը նշուի, որ սպայակոյտի պատուիրակութիւնը Տուշանպէի մէջ կը մասնակցի ռազմափորձերու նախապատրաստական աշխատանքներուն, որոնց կը մասնակցին նաեւ Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի պատուիրակութիւնները:
Ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան Հարպմայտանի մէջ:
ՀԱՊԿ-ի կեդրոնականասիական շրջանային արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու միացեալ «Ռուպեժ» մարտավարական նախորդ ռազմափորձերը տեղի ունեցած են 2016-ին` Խըրխըզիստանի մէջ:
Ատոր մասնակցած էին Ռուսիայէն, Ղազախստանէն եւ Խըրխըզիստանէն աւելի քան 1000 զինուորներ:


