Թրամփ Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարին Հետ Երկրորդ Վեհաժողով Մը Գումարելու
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ողջունեց Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի ընթացող բանակցութիւններուն մէջ ցուցաբերած կեցուածքը` զայն նկատելով «շատ բաց եւ հոյակապ»: Թրամփ Նիւ Եորքի մէջ Հարաւային Քորէայի նախագահին հետ իր հանդիպումի աւարտին պատրաստակամութիւն յայտնեց «ոչ հեռաւոր ապագային երկրորդ վեհաժողով գումարելու» Հիւսսիային Քորէայի ղեկավարին հետ: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ նախապէս յայտարարած էր, թէ Միացեալ...




















