Ինտոնեզիոյ Երկրաշարժի Եւ Ծովաշարժի Զոհերուն Թիւը Բարձրացած Է 1234-ի
Ինտոնեզիոյ մէջ երկրաշարժներու եւ անոնց յաջորդած ծովաշարժի զոհերուն թիւը հասած է 1234-ի: Այդ մասին յայտարարած է երկրի Բնական աղէտներու հետեւանքներու վերացման հարցերով ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` աւելցնելով, որ հարիւրաւոր մարդիկ տակաւին կը մնան փլատակներու տակ: Անօդաչու թռչող սարքով կատարուած լուսանկարները ցոյց կու տան աւերին տարողութիւնը, մասնաւորաբար ծովաշարժին պատճառով ափ նետուած նաւը, ամբողջովին աւերուած մզկիթը...




















