Միջազգային

«Մօտ Օրէն Սուրիոյ Մէջ Մեր Ուժերու  Գոյութեան Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տանք»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Մօտ Օրէն Սուրիոյ Մէջ Մեր Ուժերու Գոյութեան Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տանք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ մօտ օրէն, ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալէ ետք, Սուրիոյ մէջ իրենց ուժերու գոյութեան մասին որոշում մը պիտի տան: «Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալու համար հոյակապ աշխատանք տարինք, եւ այդ է մեր այդտեղ ներկայութեան պատճառը: Մենք այդ աշխատանքը աւարտելու շատ մօտ ենք, յետոյ պիտի որոշենք մեր ընելիքը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Որոշումը արագօրէն...

Շոյկու Ռուսական Օդանաւի Վար Առնուելէն Ետք  Կապ Հաստատած Է Ֆրանսայի  Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

Շոյկու Ռուսական Օդանաւի Վար Առնուելէն Ետք Կապ Հաստատած Է Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու անցեալ երկուշաբթի գիշեր Սուրիոյ ծովեզերքին մօտ ռուսական «Իլ-20» օդանաւի վար առնուելէն ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ֆլորանս Պարլիի հետ: Շոյկու Պարլիին տեղեակ պահած է Սուրիոյ մէջ ռուսական օդանաւի աղէտի մանրամասնութիւններէն եւ շնորհակալութիւն յայտնած ջախջախման վայրին մէջ որոնման աշխատանքին Ռուսիոյ օժանդակելու առնչութեամբ Ֆրանսայի արտայայտած պատրաստակամութեան համար` նշելով, որ Մոսկուան ատիկա կատարելու բաւարար...

Ռուսիան, Թուրքիան Եւ Իրանը Պիտի Շարունակեն  Իտլիպի Հարցով Բանակցութիւնները

Ռուսիան, Թուրքիան Եւ Իրանը Պիտի Շարունակեն Իտլիպի Հարցով Բանակցութիւնները

Ռուսիան մտադիր է Ասթանայի հոլովոյթի իր գործընկերներուն` Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ հետագային եւս բանակցութիւններու միջոցով լուծումներ փնտռել Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիա: Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը անցեալ երկուշաբթի օր Սոչիի մէջ համաձայնած էին 15 հոկտեմբերին Իտլիպի մէջ ապազինեալ գօտի...

Նեթանիահու Եւ Փութին Քննարկած Են  «Իլ-20»-ի Միջադէպը

Նեթանիահու Եւ Փութին Քննարկած Են «Իլ-20»-ի Միջադէպը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի պնդումով, ռուսական հետախուզական «Իլ-20» օդանաւի վար առնուելուն ամբողջ մեղքը կը կրեն Սուրիոյ իշխանութիւնները: Այդ մասին Նեթանիահու նշած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ երեքշաբթի երեկոյեան կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետը նշած է.«Իսրայէլեան կողմը պատրաստ է Մոսկուային տրամադրելու միջադէպին վերաբերող բոլոր անհրաժեշտ տեղեկութիւնները»: Միւս կողմէ,...

«Ուաշինկթըն Եւ Դամասկոս Կրնան Փորձել  Խափանել Իտլիպի Շուրջ  Փութին-Էրտողան Համաձայնութիւնը»  Կ՛ըսէ Էրտողանի Խորհրդականը

«Ուաշինկթըն Եւ Դամասկոս Կրնան Փորձել Խափանել Իտլիպի Շուրջ Փութին-Էրտողան Համաձայնութիւնը» Կ՛ըսէ Էրտողանի Խորհրդականը

Միացեալ Նահանգներու եւ Սուրիոյ իշխանութիւնները կրնան փորձել խափանել Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի հարցով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ ձեռքբերուած համաձայնութիւնը: Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Էրտողանի խորհրդականներէն Իլնուր Չեւիք: Ան նշած է, որ կան Փութին-Էրտողան համաձայնութենէն դժգոհ կողմեր, որոնք կրնան փորձել իրադարձութիւններու ընթացքը փոխել` «Թուրքիան եւ Ռուսիան ամօթով ձգելու համար»:...

Գործնական Գետնի Վրայ Պատերազմական  Իրավիճակի Աւարտը Յայտարարելով.  Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաները  Պատմական Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են

Գործնական Գետնի Վրայ Պատերազմական Իրավիճակի Աւարտը Յայտարարելով. Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաները Պատմական Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են

Հարաւային եւ Հիւսիսային Քորէաներու ղեկավարները աւարտած են բանակցութիւններու երկրորդ փուլը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Հարաւային Քորէայի վարչակազմի ներկայացուցիչին: «Դէմ առ դէմ» ձեւաչափով տեղի ունեցած բանակցութիւնները սկսած են տեղական ժամանակով ժամը 10:00-ին եւ աւարտած 11:10-ին: Կը հաղորդուի, որ Փիոնկիանկի մէջ կայացած երրորդ միջքորէական վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք, Հիւսիսային Քորէան եւ Հարաւային Քորէան զինուորական ոլորտի համաձայնագիր կնքած են: Փաստաթուղթը...

«Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Սուրիոյ Մէջ  Պայքարիլ Քրտական Կազմաւորումներուն Դէմ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Սուրիոյ Մէջ Պայքարիլ Քրտական Կազմաւորումներուն Դէմ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Անգարան պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ պայքարիլ քրտական կազմաւորումներուն դէմ, որոնք ան իր անվտանգութեան համար սպառնալիք կը նկատէ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս յայտարարութիւնը կատարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններէն ետք: Էրտողան նշած է. «Ահաբեկիչներու կողմէ վերահսկուող տարածքները չեն սահմանափակուիր միայն Իտլիպ նահանգով»: Ան ահաբեկչական որակած է այն բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք սպառնալիք կը...

Ռուսիա Պատասխանատու Կը Նկատէ Իսրայէլը  Եւ Իրեն Կը Վերապահէ Պատասխանելու Իրաւունքը

Ռուսիա Պատասխանատու Կը Նկատէ Իսրայէլը Եւ Իրեն Կը Վերապահէ Պատասխանելու Իրաւունքը

Լաթաքիոյ Դէմ Յարձակումի Ընթացքին Վար Առնուած Է 14 Զինուորներ Փոխադրող Ռուսական Օդանաւ Մը Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ ռուսական Հմէյմիմ ռազմակայանը երկուշաբթի գիշեր Լաթաքիոյ մէջ Ճարտարարուեստական արտադրութիւններու հաստատութեան դէմ կատարուած յարձակումին ընթացքին կորսնցուցած է ռուսական «Իլ-20» օդանաւին հետ կապը: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ 14 ռուս զինուորներ փոխադրող օդանաւին հետ կապը կորսուած է, երբ ան Հմէյմիմ վերադարձի ճամբուն վրայ կը...

Իրան Կ՛ողջունէ Իտլիպի Շուրջ  Ռուս-Թրքական Համաձայնութիւնը

Իրան Կ՛ողջունէ Իտլիպի Շուրջ Ռուս-Թրքական Համաձայնութիւնը

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարեց. «Շնորհիւ վերջին շաբաթներու ընթացքին որդեգրուած քայլերուն, ժողովներուն եւ բանակցութիւններուն, ներառեալ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ առնուած քայլերը, կարելի եղաւ սուրիական Իտլիպ քաղաքին մէջ պատերազմը կանխարգիլել»: «Անցնող քանի մը շաբթուան ընթացքին Անգարա եւ Դամասկոս այցելութեանս ընթացքին, ինչպէս նաեւ հետագային Թեհրանի մէջ Իրան-Ռուսիա-Թուրքիա վեհաժողովին ու Սոչիի մէջ ժողովի ընթացքին կիրարկուած պատասխանատու...

Թրամփ Չինական Ապրանքներու Վրայ  Նոր Մաքսատուրքերու Հաստատման  Հրամանագիր Ստորագրեց

Թրամփ Չինական Ապրանքներու Վրայ Նոր Մաքսատուրքերու Հաստատման Հրամանագիր Ստորագրեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Չինաստանէն ներածուող ապրանքներու վրայ յաւելեալ մաքսատուրքեր կը սահմանէ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ խօսքը կը վերաբերի 10 առ հարիւրի չափով մաքսատուրքերու, ինչ որ կը կազմէ շուրջ 200 միլիառ տոլար: Նոր մաքսատուրքերը ուժի մէջ պիտի մտնեն 24 սեպտեմբերին: «Ամիսներ շարունակ Չինաստանը յորդորեցինք փոխելու այս անարդար վարմունքը եւ ամերիկեան ընկերութիւններուն հետ վարուելու արդար ու...

«Եւրոպական Միութիւնն Ու Բրիտանիան  Կրնան Համաձայնութեան  Չգալ «Պրեքզիթ»-ի Պայմաններուն Շուրջ»  Կ՛ըսէ Թուսք

«Եւրոպական Միութիւնն Ու Բրիտանիան Կրնան Համաձայնութեան Չգալ «Պրեքզիթ»-ի Պայմաններուն Շուրջ» Կ՛ըսէ Թուսք

Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու` «Պրեքզիթ»-ի պայմաններուն վերաբերեալ համաձայնութեան չգոյանալը հաւանական է: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի նամակին մէջ, որ հրապարակուած է Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու այսօր եւ վաղը Սալզպուրկի մէջ կայանալիք ոչ պաշտօնական վեհաժողովի նախօրեակին: «Ցաւօք, առանց համաձայնութեան դիպաշարը տակաւին ամբողջովին հաւանական է: Սակայն, եթէ մենք գործենք պատասխանատուութեամբ, պիտի կարենանք խուսափիլ աղէտէն»,...

Այսօր` Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաներու  Ղեկավարներու Բանակցութիւններ

Այսօր` Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաներու Ղեկավարներու Բանակցութիւններ

Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէայի ղեկավարները այսօր եւ վաղը երկկողմանի բանակցութիւններ պիտի վարեն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ լրագրողներու համար մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Հարաւային Քորէայի նախագահի վարչակազմի բանբերը: «Մուն Չժէ Ին եւ Քիմ Եոնկ Ըն բանակցութիւններու երկու փուլ պիտի վարեն երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի», ընդգծած է ան` աւելցնելով, որ Հարաւային Քորէայի նախագահը թռիչքով Սէուլէն Փիոնկիանկ պիտի...

Սոչիի Մէջ Փութին-Էրտողան  Հանդիպումի Ընթացքին.  Իտլիպի Մէջ 15 Քիլոմեթր Խորութեամբ  Ապազինեալ Գօտի Ստեղծելու  Շուրջ Ռուս-Թրքական Համաձայնութիւն

Սոչիի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպումի Ընթացքին. Իտլիպի Մէջ 15 Քիլոմեթր Խորութեամբ Ապազինեալ Գօտի Ստեղծելու Շուրջ Ռուս-Թրքական Համաձայնութիւն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ գոյացուցած է «Իտլիպի շուրջ լուրջ եւ համաձայնեցուած լուծում մը»: Սոչիի մէջ Էրտողանի հետ իր հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փութին յայտնեց, որ հանդիպումը արդիւնաւէտ եւ շինիչ էր` նշելով. «Իտլիպի մէջ սուրիական բանակի ու զինեալներու շրջաններուն միջեւ մինչեւ 15 հոկտեմբեր ապազինեալ գօտի ստեղծելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք»: Փութին ըսաւ,...

Սուրիոյ Քրտական Ուժերը  Պիտի Չմասնակցին Իտլիպի Դէմ Գործողութեան

Սուրիոյ Քրտական Ուժերը Պիտի Չմասնակցին Իտլիպի Դէմ Գործողութեան

Սուրիոյ հիւսիսը գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յայտնած են, որ պիտի չմասնակցին Իտլիպ նահանգին դէմ սուրիական բանակին եւ անոր դաշնակից ուժերուն զինուորական գործողութեան: Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է նշեալ ջոկատներու բանբեր Նուրի Մեհմուտին: Ան մասնաւորաբար հերքած է մամուլին մէջ տարածուած այն լուրերը, թէ քրտական ուժերը կրնան աջակցիլ սուրիական բանակին Իտլիպի մէջ ընդդիմադիր ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ...

Թուրքիան Յաւելեալ Զօրք  Պիտի Տեղակայէ Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ

Թուրքիան Յաւելեալ Զօրք Պիտի Տեղակայէ Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ

Թուրքիան հիւսիսային Կիպրոսի մէջ ռազմակայան հաստատելու ծրագիրներ չունի, սակայն թրքական զինեալ ուժերը պիտի աւելցնեն այդտեղ գտնուող իրենց զօրքին թիւը: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ազրպէյճանէն Թուրքիա վերադարձի ճամբուն վրայ լրագրողներուն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Այդտեղ գտնուող մեր զինուորներուն թիւը պիտի չպակսեցնենք, ընդհակառակն` զայն պիտի աւելցնենք», ըսած է ան: Անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի...

ՕԹԱՆ-ի Նաւերը  Մօտեցած Են Սուրիոյ

ՕԹԱՆ-ի Նաւերը Մօտեցած Են Սուրիոյ

ՕԹԱՆ-ի երկրորդ մնայուն ծովուժի խումբի մարտանաւերը այժմ պարեկութիւն կը կատարեն Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը: Այժմ Սուրիոյ անմիջական մօտակայքը կը գտնուին Հոլանտայի ծովուժի «Տէ Ռէյթեր» յածանաւը, Քանատայի ծովուժի «Վիլ տը Քեպեք» յածանաւը եւ Յունաստանի ծովուժի «Էլի» յածանաւը: Յիշեցնենք, որ այժմ Միջերկրականի արեւելեան հատուածին մէջ կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու ծովուժի ականակիրներ «Քառնի», «Ռոս» եւ «Ուինսթըն Չըրչիլ»...

Հրթիռային Նոր Յարձակում Մը Թիրախ  Կը Դարձնէ Լաթաքիոյ Ճարտարարուեստական  Արտադրութիւններու Հաստատութիւնը

Հրթիռային Նոր Յարձակում Մը Թիրախ Կը Դարձնէ Լաթաքիոյ Ճարտարարուեստական Արտադրութիւններու Հաստատութիւնը

Երէկ ուշ գիշերին սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «յարձակում մը Լաթաքիոյ մէջ թիրախ դարձուցած է Ճարտարարուեստական արտադրութիւններու հաստատութիւնը, եւ յարձակումին աղբիւրը մինչեւ հիմա չէ յստակացած»: Մինչ այդ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են թշնամական յարձակումին եւ վար առած են քանի մը հրթիռներ: Լաթաքիոյ մէջ «Նաշրա» լրատուական կայքի թղթակիցը իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական հակաօդային...

Թուրքիոյ Մէջ Կալանաւորուած Բրիտանացին  Լոնտոնէն Խնդրած Է Զինք Դուրս Բերել Բանտէն

Թուրքիոյ Մէջ Կալանաւորուած Բրիտանացին Լոնտոնէն Խնդրած Է Զինք Դուրս Բերել Բանտէն

Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած Բրիտանիոյ քաղաքացի Ճօ Ռոպինսըն դիմած է բրիտանական իշխանութիւններուն` խնդրելով զինք դուրս հանել թրքական բանտէն: Բրիտանական «Այ.Թի.Վի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Ռոպինսըն պատմած է, որ արդէն 14 ամիս է կը գտնուի թրքական բանտին մէջ եւ խոր ընկճախտի մէջ է: Ան Բրիտանիոյ իշխանութիւններուն դիմած է` նշելով, որ շատ վատ հոգեվիճակի մէջ է եւ պատրաստ է աղաչելու, որ...

«Եւրոպայի Համար Այսօր Թիւ Մէկ Սպառնալիքը  Ամբոխավարութիւնն Ու Նոր-Նացիականութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Յունաստանի Նախագահը

«Եւրոպայի Համար Այսօր Թիւ Մէկ Սպառնալիքը Ամբոխավարութիւնն Ու Նոր-Նացիականութիւնն Է» Կ՛ըսէ Յունաստանի Նախագահը

Եւրոպայի համար այսօր թիւ մէկ սպառնալիքը ամբոխավարութիւնն ու նոր-նացիականութիւնն է, եւ ոչ թէ որոշ երկիրներու` Եւրոպական Միութեան շարքերը լքելը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին Ռիկայի մէջ «Արրաիոլոս» խումբի վեհաժողովէն ետք յայտարարած է Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս: Փաւլոփուլոս մասնաւորաբար նշած է, թէ խումբի բոլոր անդամ պետութիւններուն համար շատ կարեւոր են մայիս 2019-ին կայանալիք Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւնները, որոնք, Յունաստանի նախագահին...

Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին Կը Խզէ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան Հետ Յարաբերութիւնները

Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին Կը Խզէ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան Հետ Յարաբերութիւնները

Ռուս ուղղափառ եկեղեցին յայտարարած է, որ այսուհետեւ կը մերժէ մասնակցիլ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան հովանիին տակ կատարուող ձեռնարկներուն` առաւել եւս խորացնելով քրիստոնէութեան ուղղափառ ուղղութեան մէջ ծագած վէճը, որ սկիզբ առած է Ռուս ուղղափառ եկեղեցիէն անջատուելու ուղղութեամբ ուքրանական եկեղեցւոյ ձեռնարկած քայլերուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Անցեալ շաբաթ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը երկու արքեպիսկոպոսներ գործուղած էր Ուքրանիա, ինչ որ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ...

Page 580 of 884 1 … 579 580 581 … 884

Արխիւներ