Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս հերքեց եւ «անհեթեթ» որակեց Թեհրանի մեղադրանքները, թէ Իրանի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Ահուազ քաղաքին մէջ զինուորական շքերթի ընթացքին տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին ետին կանգնած են Միացեալ Նահանգները:
Մաթիս շեշտեց, որ ամերիկեան վարչակազմը դատապարտած է 22 սեպտեմբերին տեղի ունեցած յարձակումը, որուն պատճառով արձանագրուած են 28 զոհեր, ներառեալ չորս տարեկան երեխայ մը:
«Անհեթեթ է պնդելը, թէ մենք կրնանք որեւէ առնչութիւն ունենալ ատոր հետ», ըսած է Փենթակոնի ղեկավարը:
«Անոնք մինչեւ այս պահը առնուազն երեք երկիր մեղադրած են: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա մէկ ահաբեկչական խումբ է: Տեսնենք, թէ որքա՛ն պիտի երկարի այդ ցուցակը: Սակայն լաւ պիտի ըլլայ, որ խօսելէ առաջ անոնք գիտնան, թէ ի՛նչ կը խօսին», ըսած է Մաթիս: