Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. «Էս-300»-ներու Սուրիոյ Փոխանցումը Պիտի Չապակայունացնէ Վիճակը

September 26, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ «Էս-300» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու Սուրիոյ փոխանցումը պիտի չապակայունացնէ իրավիճակը:

Նախարարութիւնը ընդգծեց. «Դամասկոսին այդ համակարգերը չյանձնել խնդրած Ռուսիոյ գործընկերներուն պատրուակները այլեւս չեն գործեր»:

Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ որեւէ երկիր իրաւունք ունի իր գործընկերներուն զինուորական աջակցութիւն տրամադրելու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հակադարձէր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նախազգուշացուց, որ Սուրիոյ «Էս-300» համակարգերը փոխանցելը առաւել եւս պիտի ապակայունացնէ շրջանի կացութիւնը:

Նեթանիահու նաեւ ընդգծեց, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ պաշտպանել շրջանին մէջ իր շահերը եւ ռմբակոծել Սուրիոյ մէջ իրանեան թիրախները:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճոն Պոլթըն ըսաւ, թէ «Էս-300» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռները Սուրիոյ փոխանցելը Ռուսիոյ կողմէ պիտի ըլլայ կոպիտ սխալ մը, որ մեծ դեր պիտի կատարէ Սուրիոյ մէջ 7-ամեայ պատերազմը աշխուժացնելու հարցին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ իր կարգին յայտնեց, որ կ՛ակնկալէ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ` Մոսկուայի կողմէ Դամասկոսին «Էս-300»-ներու մատակարարման վերաբերեալ Ուաշինկթընի մտահոգութեան լոյսին տակ:

Մինչ այդ, ըստ «Մայատին»-ի տեղեկութեան, ելեկտրոնային հաղորդակցութիւնները խանգարող սարքերու առաջին մասը երկուշաբթի օր զինուորական «Իլ-76» օդանաւով հասած է Սուրիոյ մէջ Հմէյմիմ ռուսական ռազմակայան:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ «Էս-300»-ներու Սուրիա ուղարկումը 3-րդ երկրի մը դէմ ուղղուած չէ, այլ` ռուս զինուորներու անվտանգութեան երաշխաւորման համար է:

 

Նախորդը

«Մօտ Օրէն Տեղի Պիտի Ունենայ Փաթրուշեւի Եւ Պոլթընի Միջեւ Նոր Հանդիպում Մը, Որուն Պատրաստութիւնը Երկար Պիտի Չտեւէ» Ըսաւ Ռիապքով

Յաջորդը

Թրամփ Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարին Հետ Երկրորդ Վեհաժողով Մը Գումարելու

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.