Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ռուսական «Քոմմերսանթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական չափաւորական ընդդիմութիւնը պէտք է մաս կազմէ Իտլիպի մէջ կացութեան քաղաքական լուծումին` աւելցնելով, որ Թուրքիան Իտլիպի հարցի սկիզբէն առաջնահերթ նկատած է քաղաքայինները, լարուածութեան մեղմացման գօտիի պահպանումը եւ չափաւորական ընդդիմադիր խմբաւորումներու պաշտպանութիւնը:
Ան ըսաւ, թէ ընդդիմադիր ուժերը պիտի մնան իրենց շրջաններուն մէջ, իսկ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ ճշդուելիք արմատական խմբաւորումներուն պիտի չարտօնուի շրջանին մէջ գործել:
Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիան պիտի չարտօնէ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներու գոյութիւնը: «Թուրքիա իր վճռականութիւնը նախապէս բազմիցս փաստած է` Աֆրինի, Ժարապլուսի, Պապի եւ Իտլիպի մէջ», նշեց ան:
«Թուրքիան երբեք ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն զիջումներ պիտի չկատարէ», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով, որ այս քաղաքականութիւնը պիտի չփոխուի:
Ան յայտնեց, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան «ահաբեկիչներուն» վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու «մաքրագործումը յատուկ կերպով կարեւոր է»` աւելցնելով, որ այդ խմբաւորումին նկատմամբ ցուցաբերուած ամերիկեան աջակցութիւնը պէտք է դադրի, որովհետեւ այդպիսի քայլերը «կը վնասեն շրջանային հաւասարակշռութեան եւ շրջանի ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան»:
«Կը սպասենք, որ Ռուսիան աջակցի ահաբեկչական խմբաւորումներուն, մասնաւորաբար ՔԱԿ-ին, Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան դէմ Թուրքիոյ ջանքերուն», ըսաւ ան:
Խօսելով ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մասին` Էրտողան ըսաւ. «Կը հաւատամ, որ թուրք եւ ռուս ժողովուրդները պէտք է խոր, անկեղծ եւ սերտ յարաբերութիւն ունենան: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ մենք միշտ պիտի աջակցինք այս ուղղութեամբ թափուած ջանքերուն»:
Միւս կողմէ, Էրտողան այլ յայտարարութեան մը մէջ յայտնեց, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիներու թիւը աւելցնել` ներառելով նաեւ Եփրատ գետի արեւելեան ափը: