Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց. «Ռուսիան անօգուտ պետութիւն է»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ նախապէս իր կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Ռուսիան ո՛չ Ուքրանիոյ, ո՛չ ալ Սուրիոյ մէջ օգուտ ունի «որոշ չափով ճիշդ է»:
«Ատիկա ցաւալի է, որովհետեւ գոյութիւն ունին բազմաթիւ ոլորտներ, ուր մեր շահերը տակաւին համահունչ են, սակայն Ռուսիան ատիկա չի գնահատեր: Այս առումով Ռուսիան մեզմէ շատ տարբեր է, եւ անկէ օգուտ չկայ ո՛չ Ուքրանիոյ մէջ, ո՛չ ալ Սուրիոյ մէջ»: