Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց. «Քաղաքական հոլովոյթ ըլլալու պարագային, Եւրոպական Միութիւնը պիտի մասնակցի Սուրիոյ վերաշինութեան հոլովոյթին»:
«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է մասնակցելու Սուրիոյ վերաշինութեան, որովհետեւ մեզի համար ամէնէն կարեւորը Սուրիոյ մէջ կամ անկէ դուրս սուրիացի ժողովուրդի հոգատարութիւնն է», ըսաւ ան:
«Եւրոպան ունի նախապայմաններ, որոնք կ՛առնչուին քաղաքական հոլովոյթին, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ կը նկատուի օրինական», նշեց Մոկերինի:
«Մենք կարելիութիւններու պատուհան մը կը տեսնենք, եթէ Իտլիպի կացութիւնը զարգանայ ըստ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյացած համաձայնութեան», ըսաւ ան: