Միացեալ Նահանգներ չեն ձգտիր պաշտօնանկ ընել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը, սակայն անոր հեռանալը միայն ժամանակի հարց է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի:
«Կը կարծեմ, որ ներկայ պահուն ան պիտի մնայ իշխանութեան ղեկին: Ի հարկէ` Միացեալ Նահանգներ ոչ մէկ ձեւով կը փորձեն զինք պաշտօնանկ ընել: Սակայն մենք չենք կարծեր, որ ան պիտի մնայ: Սուրիոյ ժողովուրդը ատիկա պիտի չարտօնէ: Ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ Իրանը, անկասկած, չեն նկատեր, որ անոր ներկայութիւնը այնտեղ տեղին է: Ուստի կը կարծեմ, որ ատիկա ժամանակի հարց է», յայտարարած է Հէյլի «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանէն:
Հէյլի այդ յայտարարութիւնը կատարած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախօրեակին եւ Իտլիպի շուրջ ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ: