Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա Եւ Ազրպէյճան Մտադիր Են Քարիւղի Արտադրութեան Միացեալ Ընկերութիւններ Հիմնել

December 31, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փութին. «Ալիեւ Փորձառու Եւ Հեռատես Քաղաքական Գործիչ Է, Իր Երկրի Իսկական Ղեկավար»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի տարեդարձը եւ շնորհաւորական ուղերձին մէջ ընդգծած անոր «հեղինակութիւնն ու փորձը»: Այս մասին կը գրէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան:

Փութին ընդգծած է, որ Ալիեւ «իր համաքաղաքացիներու շրջանակին մէջ ու արտերկրի մէջ արժանի հեղինակութիւն կը վայելէ` իբրեւ փորձառու եւ հեռատես քաղաքական գործիչ, իր երկրի իսկական ղեկավար»:

Բացի ատկէ, Փութին բարձր գնահատած է Ալիեւի ներդրումը Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդման գործին մէջ, նաեւ յոյս յայտնած է կառուցողական երկխօսութեան եւ միացեալ սերտ աշխատանքի շարունակութեան հարցին մէջ:

«Ռուսիոյ նախագահը Ազրպէյճանի նախագահին մաղթած է քաջառողջութիւն, բարեկեցութիւն եւ պետական գործունէութեան մէջ յաջողութիւն», կը նշուի հեռագիրին մէջ:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքով յայտարարած է, թէ Ռուսիան ու Ազրպէյճանը մտադիր են քարիւղի արտադրութեան միացեալ ընկերութիւններ հիմնել:

«Ռուսիան Ազրպէյճանի տնտեսութեան մէջ տարբեր ձեւերով, որոնց շարքին միացեալ ընկերութիւններու տեսքով 4,2 միլիառ տոլարի ներդրում կատարած է: Մենք կ՛ուզենք, որ մեր ընկերութիւնները կեդրոնանան արտադրութեան ոլորտին վրայ, որպէսզի նպաստեն Ազրպէյճանի տնտեսութեան ու բազմազանացման, ի միջի այլոց նաեւ երկու երկիրներու տնտեսական կապերուն», ըսած է դեսպանը` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ առեւտուրը շատ կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ փոխանակման հիմնական ապրանքները միայն հումքային չեն, կապուած չեն միայն քարիւղի եւ կազի հետ:

Դիւանագէտին համաձայն, ատիկա կը նշանակէ, որ առեւտուրը կ՛իրականացուի ո՛չ միայն հումքի, այլ նաեւ աւելի բարձր` վերամշակման մակարդակով:

«Պետութեան կողմէ մենք պիտի աջակցինք ընկերութիւններուն, որոնք, իրենց կարգին, պիտի նպաստեն արդիւնաբերական արտադրութեան զարգացման: Մեր ծրագիրները կը ներառեն քարիւղի արտադրութեան համար միացեալ ընկերութիւններու ստեղծումը», ըսած է Պոչարնիքով, ապա աւելցուցած. «Բացի ատկէ, կան նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ մեքենաշինութեան ընկերութիւն հիմնելու ծրագիրներ: Մենք շահագրգռուած ենք Ազրպէյճանին մեր գիւղատնտեսական մեքենաներու արտադրանքը մատակարարելու հարցով»:

Դեսպանին համաձայն, այդ հարցը քննարկուած է միջկառավարական յանձնախումբի նիստին ընթացքին եւ տեղ գտած վերջնական փաստաթուղթին մէջ: «Յանձնախումբը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է այդպիսի ընկերութիւններու ստեղծման նպաստելու համար», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Բրիտանիան Սառեցուցած Է «Ազրպէյճանական Լուացքատան» Առնչուող Միլիառաւոր Տոլարներու Հաշիւներ

Յաջորդը

Ֆրանսական Ոստիկանութիւնը Յաւելեալ Աշխատանքին Համար Յաւելեալ Գումար Կը Պահանջէ Եւ Կը Սպառնայ Գործադուլի Դիմել

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.