
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ալի Հաքիմ յայտնեց. «Իրաք կը զօրակցի Սուրիոյ` Արաբական լիկայի մէջ իր աթոռը վերստանձնելուն»:
«Իրաք կը զօրակցի Սուրիոյ միութեան եւ արաբական աշխարհին ու շրջանին մէջ անոր բնական դիրքին վերադառնալուն եւ Արաբական լիկայի մէջ իր աթոռը վերստանձնելուն», ընդգծեց Հաքիմ:


