«Ուաշինկթըն Մեր Ջուրերուն Մօտ Իր Զինուորական Կարողականութիւնը Կ՛ամրապնդէ» Կ՛ըսէ Ռուսական Ծովուժը
Ռուսիոյ ծովուժի հրամանատար ծովակալ Վլատիմիր Քորոլով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները իրենց բարձր ճշգրտութիւն ունեցող ռազմավարական զէնքերը կը տարածեն Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ»: Ծովակալ Քորոլով Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ժողովի մը ընթացքին յայտնեց. «Ուաշինկթընն ու ՕԹԱՆ-ի մէջ անոր գործընկերները վերջերս Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ բազմաթիւ ռազմափորձեր կը կատարեն եւ ցամաք-ծով ամերիկեան հրթիռային համակարգեր ու Ռուսիոյ սահմանակից ծովային շրջաններուն մէջ բարձր ճշգրտութիւն ունեցող...




















