Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալըն Կը Հերքէ. Փոմփէօ. «Թուրքիա Խոստացաւ Պաշտպանել Սուրիոյ Քիւրտ Զինեալները. Էրտողան Անձամբ Տուաւ Այդ Խոստումը»

Յունուար 9, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ արաբական երկիրներ շրջապտոյտի մեկնելէ առաջ յայտարարեց. «Թուրքիան խոստացաւ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք պաշտպանել Սուրիոյ քիւրտ զինեալները: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այդ երաշխիքը անձամբ ստացաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ամերիկեան «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Էրտողան նախագահ Թրամփին այդ խոստումը տուաւ, երբ միասնաբար քննարկեցին, թէ թուրքերը մեր հեռանալէն ետք ինչպէ՞ս պէտք է շարունակեն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը եւ պաշտպանեն այն մարդիկը, որոնց հետ միասնաբար կռուեցանք, եւ մեզի օգնեցին խմբաւորման դէմ արշաւին մէջ»: Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն աւելի ուշ յայտարարեց. «Էրտողան Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին չխոստացաւ Սուրիոյ մէջ քրտական միլիսները պաշտպանել»:

Էրտողան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ յայտնեց. «Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման ծրագրումը պէտք է լաւապէս եւ յարմար գործընկերներու հետ կատարուի, եւ Թուրքիան, որ ՕԹԱՆ-ի երկրորդ մեծագոյն բանակը ունի, միակ երկիրն է, որ այդ առաքելութիւնը կատարելու ուժն ու յանձնառութիւնն ունի»:

Էրտողան նշեց. «Թուրքիան յանձնառու է ՏԱՀԵՇ խմբաւորումն ու Սուրիոյ մէջ այլ ահաբեկչական խմբաւորումները պարտութեան մատնելու»:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սուրիայէն հեռացման ճիշդ կոչը ուղղեց` բայց եւ այնպէս, պէտք է Միացեալ Նահանգներու հեռացումը լաւապէս ծրագրել ու զայն գործադրել յարմար գործընկերներու հետ` պաշտպանելու համար Միացեալ Նահանգներու, միջազգային ընտանիքին եւ սուրիացի ժողովուրդին շահերը»:

«Ժամանակն է, որ բոլոր կողմերը միանան ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելու եւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու համար», կը գրէ ան` աւելցնելով. «Պէտք է հիմնել կայունութեան ուժ մը, որուն մաս կը կազմեն սուրիական հասարակութեան բոլոր բաղադրիչ մասերէն զինեալներ` կայունութիւն եւ կարգ ու կանոն հաստատելու համար: Կազմուելիք այդ ուժին պիտի միացնենք բոլոր զինեալները, որոնք ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ որեւէ կապ չունին», շեշտեց Էրտողան: Էրտողան ըսաւ, թէ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելէ ետք առաջին քայլը պիտի ըլլայ այդ ուժի յառաջացումը:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ Թուրքիան միակ երկիրն է, որ Սուրիոյ մէջ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ ալ Ռուսիոյ հետ կրնայ գործակցիլ:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ զինուորական ոստիկանութեան բանբեր Եուսուպ Մամատով յայտնեց, որ Ռուսիոյ զինուորական ոստիկանութեան ուժերը սկսած են պարեկային ծառայութիւն կատարել Մընպեժի եւ անոր արուարձաններու ապահով թաղամասերուն մէջ` աւելցնելով, որ այդ ուժերու առաքելութիւնը «իր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ եղող շրջաններուն մէջ անվտանգութեան երաշխաւորումն է, ինչպէս նաեւ զինեալ խմբաւորումներու դիրքերուն ու շարժումներուն հսկելը»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մէկ օր առաջ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնած էր, որ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը «պիտի կատարուի պատշաճ ձեւով»:

Ան յայտնեց, որ «ձախող «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը գիտակցաբար շատ անճշգրիտ պատմութիւն մը գրած է Սուրիոյ մէջ մտադրութեանս վերաբերեալ»: Թրամփ ըսաւ, թէ ամերիկեան ուժերու հեռացումը պիտի կատարուի «պատշաճ կշռոյթով», եւ նոյն ատեն պիտի շարունակուի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարն ու «ամէն այլ բան, որ խոհեմ ու անհրաժեշտ է»:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն Իսրայէլ այցելութեան ընթացքին իր կարգին յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն Սուրիայէն ուժերու հեռացման հարցին մէջ պիտի չաճապարէ:

«Նախ եւ առաջ` մենք մեր դաշնակից Թուրքիայէն քիւրտերու անվտանգութեան յստակ երաշխիքներ ստանանք», ընդգծեց ան:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց ուժերու հեռացման զուգահեռ կը շարունակեն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքին աջակցութիւն տրամադրել:

Նախարարութիւնը շեշտեց, որ ամերիկեան ուժերու հեռացման որդեգրուած շրջագիծ մը գոյութիւն ունի, որ առնչուած է գետնի վրայ կացութեան, եւ ուժերը պիտի չհեռացուին պատահական ձեւով` երաշխաւորելու համար գործողութիւններու անվտանգութիւնը:

Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ Թրամփ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երկուշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման հարցը:

Երկու ղեկավարները քննարկած են Սուրիոյ կացութիւնը, ներառեալ ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելու երկու երկիրներու յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու «ուժեղ, սերտուած եւ համակարգուած» հեռացումի ծրագիրները:

Երկու երկիրներու նախագահները ընդգծած են Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու որեւէ նոր կիրարկման նկատմամբ աչք չփակելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ թրքական աղբիւրներ երէկ հաղորդեցին, որ Էրտողան մերժած է հանդիպում ունենալ Պոլթընի հետ:

 

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Էջմիածինի Մէջ

Յաջորդը

Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը Դամասկոսին Կոչ Ուղղեց Արաբական Լիկա Վերադառնալու Քայլեր Որդեգրելու

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?