Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիան Սառեցուցած Է «Ազրպէյճանական Լուացքատան» Առնչուող Միլիառաւոր Տոլարներու Հաշիւներ

December 31, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանական քննչական մարմինը սառեցուցած է ազրպէյճանական կեղտոտ դրամներու լուացման առնչակից քանի մը միլիառ տոլարի դրամատնային հաշիւներ: Հետաքննող լրագրողները բացայայտած են, որ այդ ծրագիրով գումարներ փոխանցուած են Բրիտանիոյ մէջ արձանագրուած չորս մեծ կեղծ ընկերութիւններու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան:

Բրիտանիոյ Յանցագործութեան դէմ պայքարի գործակալութեան տուեալներով` հաշիւներու սառեցման հրամանը առաջին քայլն է, որ կ՛առնչուի այսպէս կոչուած «ազրպէյճանական լուացքատան»: Հրամանը քննիչներուն պիտի արտօնէ կասկածներու յառաջացման պարագային անյապաղ սառեցնել հաշիւները:

Բրիտանական քննչական մարմինը, սակայն, չի բացայայտեր, թէ արդեօք այս սառեցումը առնչուա՞ծ է Քոփենհակընի մէջ արձանագրուած «Տանսք Պանք» դրամատան հետ, որ գայթակղութեան կեդրոնը յայտնուած է 200 միլիառ եւրօ լուալուն պատճառով:

Անցեալ տարի Հետաքննող լրագրողներու համախմբումը ծաւալուն զեկուցում հրապարակած էր «ազրպէյճանական լուացքատան» մասին, ըստ որուն, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքն ու անոր մերձաւորները քանի մը տարուան ընթացքին այդ դրամատան էսթոնական մասնաճիւղին միջոցով օրինականացուցած են շուրջ երեք միլիառ տոլար, որ հետագային ծախսուած է եւրոպացի ազդեցիկ պաշտօնեաները, քաղաքական գործիչները, լրագրողներն ու գործարարները կաշառելու նպատակով:

 

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Մեր Ջուրերուն Մօտ Իր Զինուորական Կարողականութիւնը Կ՛ամրապնդէ» Կ՛ըսէ Ռուսական Ծովուժը

Յաջորդը

Ռուսիա Եւ Ազրպէյճան Մտադիր Են Քարիւղի Արտադրութեան Միացեալ Ընկերութիւններ Հիմնել

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.