
Բրիտանիոյ Մանչեսթըր քաղաքի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ Նոր տարուան գիշերը քաղաքին մէջ դանակահարումի գործողութիւն կատարած անձը ձերբակալուած է մտային խանգարումի մասին օրէնքին հիմամբ:
Ոստիկանութիւնը նաեւ նշեց, որ իր ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքը կը շարունակէ դէպքին շուրջ հետաքննութիւնը:
Մանչեսթըրի ոստիկանութիւնը յայտնեց. «Մինչեւ հիմա ոչինչ մտածել կու տայ, թէ ուրիշներ մեղսակից են այս յարձակումին»:
25 տարեկան երիտասարդի մը Նոր տարուան տօնակատարութեան սկիզբէն ետք կատարած յարձակումին պատճառով արձանագրուած էին երեք վիրաւորներ, որոնց շարքին` Մանչեսթըրի մէջ փապուղիի կայարանի մը պահակը:


