Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Անգամ Մը Եւս Երկրի Պիւտճէին Շուրջ Քուէարկութիւն Չկատարեց

December 31, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի վերին ու ստորին պալատները անգամ մը եւս քուէարկութիւն չեն կատարած երկրի պիւտճէին շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:

Այսպիսով, դաշնակցային կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ժամանակաւորապէս փակ մնալ մինչեւ յաջորդ քուէարկութիւնը, որ նախատեսուած է 31 դեկտեմբերին, տեղական ժամանակացոյցով ժամը 10:00-ին:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան բնականոն աշխատանքը ընդհատուած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի` առանց Մեքսիքայի հետ սահմանային պատի կառուցման համար ծախսերուն իշխանութեան մարմիններու ժամանակաւոր ֆինանսաւորման մասին օրինագիծը ստորագրել մերժելուն պատճառով:

Կառավարութեան աշխատանքի դադրեցումը պաշտօնապէս տեղի ունեցած է 22 դեկտեմբերին:

Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները` Թրամփի գլխաւորութեամբ, չկրցան համոզել դեմոկրատականները Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ պատի կառուցման համար 5 միլիառ տոլար յատկացնելու անհրաժեշտութեան հարցին մէջ: Առանց դեմոկրատականներու աջակցութեան` որեւէ պիւտճէական օրէնք չի կրնար Ծերակոյտին կողմէ հաւանութեան արժանանալ: Եթէ օրէնքը յառաջիկայ օրերուն չորդեգրուի, ապա ֆինանսաւորման առնչուած կացութիւնը բացասաբար պիտի ազդէ Միացեալ Նահանգներու ներքին գործոց նախարարութեան, փոխադրամիջոցներու նախարարութեան, գիւղատնտեսութեան նախարարութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պիւտճէէն ֆինանսաւորուող տասնեակ այլ հիմնարկներու աշխատանքին վրայ: Խօսքը պիւտճէէն ֆինանսաւորուող պետական հիմնարկներու քառորդին մասին է:

«Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի համաձայն, աշխատանքի կասեցումը կը վերաբերի իրենց ամսականները պետական պիւտճէէն ստացող 800 հազար աշխատողներու գործունէութեան եւ պիտի ազդէ անոնց աշխատավարձի վճարման վրայ: Վարչական-պիւտճէական վարչութեան տնօրէն Միք Մալվէյնի հաւանական կը նկատէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը այս տարի չյաջողի լուծել պիւտճէին շուրջ տարակարծութիւնները:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան աշխատանքի ներկայ կասեցումը արդէն երրորդն է տարեսկիզբէն ի վեր:

Նախորդը

Ֆրանսական Ոստիկանութիւնը Յաւելեալ Աշխատանքին Համար Յաւելեալ Գումար Կը Պահանջէ Եւ Կը Սպառնայ Գործադուլի Դիմել

Յաջորդը

Թրամփ Նախագահական Ընտրութեան Ռուսիոյ Միջամտութիւնը Կը Նկատէ «Միացեալ Նահանգներու Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Խաբէութիւնը»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.