«Էֆ. Էս. Պի.»-ն Մոսկուայի Մէջ Ռուս Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը Ահաբեկման Փորձը Կանխարգիլած Է
Ռուսիոյ Դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութիւնը` «Էֆ.Էս.Պի.»-ն յայտարարեց, թէ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը դէմ մահափորձ մը կանխարգիլած է: Ծառայութիւնը նշեց, որ ուքրանական գաղտնի սպասարկութիւնը չորս անձեր զինուորագրած է ռուս պաշտօնատարի մը ահաբեկումը ծրագրելու համար:




















