Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Ռիատ Կ՛ուզէ Ուաշինկթընէն Քաթարի Օրինակով Անվտանգութեան Երաշխիքներ Ստանալ

November 15, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Ալ Սէուտ իշխանը 18 նոյեմբերին Ուաշինկթըն իր կատարելիք այցելութեան ընթացքին կրնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն ստանալ Քաթարին տրամադրուածներուն օրինակով անվտանգութեան երաշխիքներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»-ը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն:

Թրամփ սեպտեմբերի վերջաւորութեան ստորագրած է հրամանագիր, որով կը սահմանուի, որ Միացեալ Նահանգները Քաթարի տարածքին, գերիշխանութեան եւ հիմնական ենթակառոյցներուն վրայ որեւէ զինեալ յարձակում իրենց խաղաղութեան եւ անվտանգութեան սպառնալիք պիտի նկատեն: Նման յարձակումի պարագային Ուաշինկթըն պիտի ձեռնարկէ «համապատասխան քայլեր, ներառեալ դիւանագիտական, տնտեսական եւ անհրաժեշտութեան պարագային զինուորական գործողութիւններ»:

Լրատու գործակալութեան զրուցակիցներուն համաձայն, գահաժառանգը «հաւանաբար Թրամփէն ձեռքբերէ նման հրամանագիր մը», որ պիտի ամրապնդէ Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութիւնը:

Բանակցութիւններու ծանօթ աղբիւրները նաեւ յայտնած են, որ Սէուտական Արաբիան կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներէն «Էֆ-35» հալածիչներ պատուիրել: «Պլումպըրկ» կը նշէ, որ Սպիտակ տան ղեկավարը կրնայ հաստատել վաճառքը:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը 18 նոյեմբերին 2018 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէ Ուաշինկթըն:

 

 

Նախորդը

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

Յաջորդը

«Էֆ. Էս. Պի.»-ն Մոսկուայի Մէջ Ռուս Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը Ահաբեկման Փորձը Կանխարգիլած Է

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.