Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Մօտ Ջախջախուած Թրքական Օդանաւին Մէջ Գտնուող 20 Անձերը Մահացած Են

November 13, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստան-Ազրպէյճան սահմանին մօտ ջախջախուած զինուորական փոխադրութեան «Սի-130» օդանաւին մէջ գտնուող բոլոր 20 զինուորները մահացած են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն թրքական իշխանութիւնները:

«Մեր զինակիցները նահատակուեցան 11 նոյեմբեր 2025-ին, երբ մեր «Սի.-130» զինուորական բեռնատար օդանաւը, որ Թուրքիա վերադառնալու համար Ազրպէյճանէն թռիչք առած էր, արկածի ենթարկուեցաւ Վրաստան-Ազրպէյճան սահմանին մօտ», «Էքս»-ի վրայ գրած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր` հրապարակելով 20 զինուորներու լուսանկարները:

Շարք մը միջազգային ղեկավարներ, ներառեալ Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի ղեկավարները, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութթէն, իրենց ցաւակցութիւնը յայտնած են:

«Էքս»-ի վրայ գրառումի ճամբով Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք եւս իր երկրին համերաշխութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ:

«Սի.-130 Հերքիւլ» օդանաւը արտադրող ամերիկեան «Լոքհիտ Մարթին» ընկերութիւնը ցաւակցութիւն յայտնած է եւ նշած, որ պատրաստ է հետաքննութեան ընթացքին որեւէ ձեւով օգնելու Թուրքիոյ:

Ազրպէյճանցի Փորձագէտ. «Օդանաւի Ջախջախումը
Կապուած Է Գիւմրիի Ռուսական Ռազմակայանին»

Ազրպէյճանցի ռազմական փորձագէտ Ապուզեր Ապիլով ընկերային ցանցերու վրայ գրած է. «Կրկին թռչուններու երա՞մ»:

Ան այդպիսով ակնարկած է Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մօտ ԱԶԱԼ օդանաւի ջախջախման առնչուած նմանատիպ դէպքին, որուն պարագային ռուսական կողմը սկիզբը դէպքը վերագրած էր թռչուններու հետ բախումի:

«Անձամբ ես կը կարծեմ, որ ատիկա կա՛մ հրթիռ է, կա՛մ անօդաչու թռչող սարք: 102-րդ ռազմակայանը մօտ է», գրած է ազրպէյճանցի փորձագէտը:

Ռուսական բանակի 102-րդ ռազմակայանը կը գտնուի Գիւմրիի մէջ:

 

Նախորդը

Օրպան. «Փութինի Եւ Թրամփի Պուտափեշտի Մէջ Վեհաժողովը Հակառակ Յետաձգուելուն Սեղանի Վրայ Է»

Յաջորդը

Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում. Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.