Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր նշեց. «Իրան շարք մը երկիրներու մէջ Իսրայէլի դեսպաններ ահաբեկել փորձեց»:
Նշենք, որ Մեքսիքայի արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան նախարարութիւնները 8 հոկտեմբերին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հերքեցին իսրայէլեան պնդումները, թէ երկրին մէջ Իսրայէլի դեսպանին դէմ մահափորձ կատարուած է:
Մեքսիքայի իշխանութիւնները ընդգծեցին. «Երկրին մէջ իսրայէլեան դեսպանատան վրայ ենթադրեալ յարձակումին մասին տեղեկութիւններ չկան»:
«Իսրայէլի դեսպանին վրայ յարձակում գործադրելու ենթադրեալ դաւադրութիւնը հաստատող որեւէ տեղեկութիւն չստացանք», շեշտեցին երկու նախարարութիւնները:
Մեքսիքայի մէջ իրանեան դեսպանատունը իր կարգին նշեց. «Իրանի` Մեքսիքայի մէջ Իսրայէլի դեսպանը ահաբեկելու փորձին մասին մեղադրանքները տեղեկատուական հնարքներ են»:
«Իրանը Իսրայէլի դեսպանը ահաբեկելու փորձով ամբաստանելուն նպատակը Մեքսիքայի հետ մեր յարաբերութիւններուն վնաս հասցնելն է», ընդգծեց դեսպանատունը:


