Փարիզի վերադատ ատեանը հրամայեց 2007 թուականին նախագահական ընտրապայքարին լիպիական ֆինանսաւորման հարցով դատապարտուելէ եւ հազիւ տասը օր բանտարկուելէն ետք ազատ արձակել Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին, սակայն զինք դատական հսկողութեան տակ պահել:
Սարքոզի Փարիզի «Լա Սանթէի» բանտէն դատական նիստին մասնակցեցաւ տեսակապի միջոցով:


