Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն. «Էս-400»-ներու Հարցով Տարակարծութիւնը Քննարկելու Համար Աշխատանքային Խմբակի Մը Ստեղծումը Լուծման Համար Ո՛չ Կարեւոր, Ո՛չ Ալ Միջոց Է»

April 6, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Էրիք Փահոն յայտնեց, թէ Փենթակոնը թրքական իշխանութիւններուն հետ չի սերտեր Անգարայի ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու ծրագիրին շուրջ առկայ տարակարծութիւնը քննարկելու համար աշխատանքային խմբակ մը յառաջացնելու հարցը:

«Ներկայ փուլին թեքնիք աշխատանքային խմբակի մը ստեղծման կարիք չկայ, եւ Միացեալ Նահանգներ նման բան չի քննարկեր իբրեւ տարակարծութեան լուծումի միջոց», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` անդրադառնալով «Էս-400»-ներու հարցին, նշած է, որ նախապէս Անգարան բազմիցս Ուաշինկթընի եւ միւս գործընկերներուն յայտնած է տուեալ գործարքը ջնջելու անկարելիութեան լուրը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Մենք տակաւին քանի մը ամիս առաջ Միացեալ Նահանգներուն եւ մեր միւս գործընկերներուն ըսած ենք, թէ «Էս-400»-ի հարցով Ռուսիոյ հետ գործարքը չի կրնար ջնջուիլ: Մենք արդէն ձեռք բերած ենք հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, գործարքը աւարտած է», ընդգծած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Նշենք, որ ռուսական «Ռոսթեխ» պետական ընկերութեան ղեկավարը փետրուարին յայտնած էր, թէ Թուրքիոյ «Էս-400»-ներու մատակարարման վերաբերեալ պայմանագիրը ամբողջութեամբ պիտի իրագործուի 2019-ին:

Չաւուշօղլու նոյն ատեն յիշեցուցած է, որ Անգարան «ստիպուած էր» ռուսական զէնք գնել, որովհետեւ չէ կրցած համարժէք համակարգեր գնել իր դաշնակիցներէն:

Ըստ անոր, դաշնակից երկիրները Թուրքիոյ պէտք չէ թելադրեն ո՛ր երկիրէն ինչ համակարգեր գնել:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր խօսքին մէջ նաեւ նշած է, թէ Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւնները ՕԹԱՆ-ի կամ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն այլընտրանք չեն:

Նշենք, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար նախապէս յայտարարած էր, թէ «Էս-400» համակարգերու ձեռքբերումը ոչ թէ նախընտրութեան, այլ ազգային անվտանգութեան կենսական պահանջի հարց է:

«Թուրքիան պարտաւոր է պաշտպանել իր 82 միլիոն քաղաքացիները», ըսած էր ան:

Նախորդը

Փոմփէօ. «Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Հակադարձելու Վենեզուելայի Մէջ Ռուսիոյ Զինուորական Ներկայութեան»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Մեքքայի Մէջ Թուրքիա – Սէուտական  Արաբիա – Փաքիստան Պաշտպանութեան  Համաձայնագիր
Միջազգային

Ըստ «Թիւրքիէ» Օրաթերթին. Թուրքիան Կրնայ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 8, 2026
Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.