Օտար ուժերը սկսան իրենց անձնակազմերը հեռացնել Լիպիայէն` տեղւոյն անվտանգութեան պայմաններու վատթարացման պատճառով:
Ափրիկէի մէջ Միացեալ Նահանգներու ուժերու հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերու ջոկատ մը տեղափոխած է, իսկ Հնդկաստան նշեց, որ իր խաղաղապահ ուժերը հեռացուցած է դէպի Թունուզ:
Իտալական քարիւղի եւ կազի բազմազգեան «Էնի» ընկերութիւնը որոշեց իր անձնակազմի իտալացի անդամները հեռացնել երկրէն:
ՄԱԿ-ը եւս իր անձնակազմի ոչ կենսական անդամները պիտի հեռացնէ երկրէն:
Զօրավար Խալիֆա Հաֆթարի հրամանատարութեան տակ գտնուող ըմբոստներու ուժերը արեւելքէն յառաջացած են մայրաքաղաք Թրիփոլին գրաւելու նպատակով:
Երկրին ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը վայելող վարչապետ Ֆայեզ Սիրաժ զօր. Հաֆթարը ամբաստանեց յեղաշրջման փորձ կատարելու յանցանքով եւ յայտնեց, որ ըմբոստներուն դէմ բռնի ուժ պիտի կիրարկուի:
Կիրակի օր զօր. Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիական ազգային բանակին եւ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ուժերուն միջեւ բախումները շարունակուեցան:
«Սփութնիք» հաղորդեց, որ Լիպիական ազգային բանակի օդուժի ռմբաձիգներ սկսած են հարուածել Թրիփոլիի մէջ կառավարութեան հաւատարիմ ջոկատներուն զէնքերու պահեստանոցները եւ մեքենաները: Վերջիններուս ռմբաձիգները իրենց կարգին շաբաթ օր Թրիփոլիէն 50 քիլոմեթր հարաւ հարուածած էին զօր. Հաֆթարի հրամանատարութեան տակ գտնուող ուժերը:
Միսրաթայէն միլիս մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թրիփոլիի կառավարութեան հետ դաշինք կնքած է եւ զինուած մեքենաներ կ՛ուղարկէ մայրաքաղաքի արեւելեան արուարձաններէն Թաժուրա` դէմ դնելու համար Լիպիական ազգային բանակին:



