Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց «Պրեքզիթ»-էն Ետք Բրիտանիոյ Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Օրինագիծը

April 5, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխանները հաւանութիւն տուած են այն օրինագիծին, որուն համաձայն, Բրիտանիոյ քաղաքացիները երկրին` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն ետք պիտի կարողանան Շենկենի գօտիի երկիրներ մեկնիլ առանց մուտքի արտօնագիրի: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտնած է Եւրոպական խորհրդարանի մամլոյ ծառայութիւնը:

Առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան թեր քուէարկած է 502 երեսփոխան, դէմ` 81, իսկ 29 երեսփոխաններ մնացած են ձեռնպահ:

Փաստաթուղթի կէտերուն համաձայն, «Պրեքզիթ»-էն ետք Բրիտանիոյ քաղաքացիներուն, որոնք Շենկենի գօտի կը ժամանեն կարճ ժամանակով (90 օր որեւէ 180 օրուան ընթացքին), պիտի տրամադրուին առանց մուտքի արտօնագիրի ուղեւորութիւններ:

«Ասիկա կարեւոր քայլ է «Պրեքզիթ»-էն ետք Եւրոպական Միութեան եւ Բրիտանիոյ միջեւ առանց մուտքի արտօնագիրի ճամբորդութիւններու երաշխիքներու համար, յատկապէս երկիրի առանց համաձայնագիրի դուրս գալուն պարագային», ըսած է օրէնսդրական առաջարկի զեկուցումի հեղինակ Սերկէյ Սթանիշեւ:

Օրինագիծը, որ տակաւին պէտք է Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կողմէ նախարարներու մակարդակով վաւերացուի, Եւրոպական Միութեան պաշտօնաթերթին մէջ պիտի հրապարակուի մինչեւ 12 ապրիլ:

Նշենք, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանի ստորին պալատը երէկ ընդամէնը մէկ ձայնի առաւելութեամբ որդեգրեց որոշում մը, որ վարչապետ Թերեզա Մէյը կը պարտաւորեցնէ անգամ մը եւս երկարաձգել Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու ժամկէտը, հակառակ պարագային Բրիտանիան ստիպուած պիտի ըլլայ 12 ապրիլին կառոյցը լքել` առանց ապահարզանի մասին համաձայնագիրի ու յստակ համաձայնութիւններու:

Որոշումը օրէնքի ուժ ստանալու համար պէտք է վաւերացուի նաեւ խորհրդարանի վերին պալատին, ապա` Եւրոպական Միութեան կողմէ:

 

 

Նախորդը

Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Մեր Բանակի Զինուորներն Են, Որ, Սուրիացիներուն Հետ Համակարգումով, Գտան Իսրայէլի Զինուորին Դիակը» Ըսաւ Փութին

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Անգարան` Սուրիոյ Հիւսիս Արեւելքը Զինուորական Գործողութեան Մը Հետեւանքներէն

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.