Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Պէտք Է Ընդունի Ընտրութիւններու Օրինական Արդիւնքները» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

April 4, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռապըրթ Փալլատինօ Թուրքիոյ մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցող դէպքերուն առնչութեամբ նշած է. «Մենք արդէն տեսած ենք բողոքարկումներուն վերաբերեալ նորութիւնները: Արդար եւ ազատ ընտրութիւնները ժողովրդավարութեան կարեւոր տարրերէն են: Ներառեալ նաեւ ատոր օրինական արդիւնքները ընդունիլը: Այդ իմաստով երկարատեւ եւ վստահելի ընտրական աւանդութիւն ունեցող Թուրքիայէն աւելին չենք սպասեր»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի յայտարարութեան հակադարձած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ. «Ոչ մէկ երկիր իրաւունք ունի հակաժողովրդավարական եւ հակաօրինական մեթոտներով խառնուիլ այլ երկրի մը ընտրութեան արդիւնքներուն:

Հակաժողովրդավարական մօտեցումները ոչ մէկ ձեւով կրնան ստուեր ձգել Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան վրայ», ըստ թրքական «Սէօզճիւ» կայքին ըսած է Աքսոյ:

Նշենք, որ հակառակ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան` ընդդիմութեան նկատմամբ տարած վստահ յաղթանակին, Էրտողանի կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն իբրեւ հետեւանք կորսնցուց Թուրքիոյ 6 մեծ քաղաքներէն 5-ը, ներառեալ Պոլիսը, որմէ ետք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը բողոքարկեց ընտրութեանց արդիւնքները եւ պահանջեց վերահաշուարկ:

Պոլսոյ 7 Շրջաններու Մէջ Կրկնակի Ընտրութիւններ

Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաք Պոլսոյ 7 շրջաններուն մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կրկնակի ընտրութիւններ պիտի կատարուին: Թրքական լրատուամիջոցները կը գրեն, թէ այդ որոշումը տուած է Թուրքիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ Պոլսոյ մէջ կատարուած ընտրութիւններուն արդիւնքներուն բողոքարկումէն ետք:

Իշխող կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն արդիւնքները բողոքարկած էր Պոլսոյ բոլոր 39 շրջաններուն մէջ:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի ղեկավար Պայրամ Շենճաք յայտարարած էր, որ ընտրութիւններու արդիւնքներու կեղծման ապացոյցներ ունին յօգուտ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուի:

Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի ղեկավար Սատի Կիւվեն չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, թէ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն արդիւնքները անփոփոխ պիտի մնան:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Կ՛ուզէ, Որ Թուրքիան Մնայ ՕԹԱՆ-ի Անդամ, Սակայն Պէտք Է Հրաժարի «Էս-400»-ներէն

Յաջորդը

Թիֆլիս. «Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կայ Տարակարծութիւն Պետական Սահմանի 34 Առ Հարիւրին Վերաբերեալ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.