Սուտանի Փոխանցման Զինուորական Խորհուրդը Կը Զօրակցի Իր Նախագահութիւնը Անկախ Անձնաւորութեան Մը Վստահելու Գաղափարին
Սուտանի մէջ Փոխանցման զինուորական խորհուրդը յայտարարեց, որ կը զօրակցի այն գաղափարին, որ անկախ անձնաւորութիւն մը ստանձնէ խորհուրդի նախագահութիւնը: Խորհուրդը մէկ օր առաջ յայտարարած էր իր նոր կազմը: Ապտել Ֆաթթահ Պարհան նշանակուած է խորհուրդի նախագահ, իսկ Մոհամետ Համտան Տաքլօ` փոխնախագահ: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ սուտանեան բանակի հրամանատարներ մաս կը կազմեն խորհուրդին: Ընդդիմադիր «Ազատութիւն եւ փոփոխութիւն» դաշինքը յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ երկրի տարածքին...




















