Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիա Կը Սպառնայ Քարիւղը Ամերիկեան Տոլարէն Այլ Դրամանիշերով Ծախել

April 9, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիան Միացեալ Նահանգներուն սպառնացած է քարիւղի վաճառքը կատարել ամերիկեան տոլարէն այլ դրամանիշերով, եթէ Ուաշինկթընը ընդունի ՆՕՓԵՔ օրէնքը, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կ՛արտօնէ դատարաններուն մէջ հակամենատիրական հայցեր յարուցել ՕՓԵՔ-ի անդամ երկիրներու դէմ: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթային քաղաքականութենէն լաւատեղեակ աղբիւրներ:

Գործակալութեան աղբիւրներուն տուեալներով` Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները քանի մը ամիսէ ի վեր կը քննարկեն այդ տարբերակը: Անոնք արդէն Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն յայտնած են, թէ Ռիատը կրնայ հրաժարիլ տոլարով հաշուարկներէն, եթէ այդ օրինագիծը որդեգրուի:

Բացի ատկէ, սէուտցիները այդ օրինագիծի հարցը քննարկած են ՕՓԵՔ-ի միւս անդամներուն հետ: Օրինագիծը իր ներկայ տեսքով կը նախատեսէ Միացեալ Նահանգներու դատարանները օժտել հակամենատիրական հայցերու քննութեան լիազօրութիւններով ՕՓԵՔ-ի անդամ երկիրներու եւ այն միւս պետութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը մասնակցին քարիւղի շուկային մէջ գիները բարձր պահելու նախաձեռնութիւններուն:

Անօրինական կը ճանչցուին միւս երկիրներու կառավարութիւններու որեւէ միացեալ գործողութիւնները, որոնք կը ծառայեն քարիւղի արտադրութեան սահմանափակման եւ ատոր գիներու սահմանման:

 

Նախորդը

«Էս-400»-ները Պիտի Պաշտպանեն Եւրոպական Միութեան Եւ ՕԹԱՆ-ի Անդամ Երկիրները» Կ՛ըսէ Չելիք

Յաջորդը

«Կանգնած Ենք Համաձայնագիրով Եւրոպական Միութիւնը Լքելու Կամ Անոր Կազմէն Դուրս Չգալու Ընտրութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.