Միջազգային

Վենեզուելայի Մէջ  Լարուածութեան Մագլցում

Վենեզուելայի Մէջ Լարուածութեան Մագլցում

Վենեզուելական ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտօ հրապարակեց տեսերիզ մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ զայն արձանագրած է օդուժի մէկ ռազմակայանին մէջ: Տեսերիզին մէջ անոր շուրջ գտնուող բանակայինները բանակին կոչ կ՛ուղղեն` զօրակցելու Կուայտոյին «վերջ տալու համար (նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի կողմէ) իշխանութեան բռնագրաւման»: Կուայտօ տեսերիզին մէջ կը յայտնէ, թէ Քարաքասի մէջ «քաջարի զինուորներու» աջակցութիւնը կը վայելէ: Վենեզուելական կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ վերջ տուած է...

Էրտողան. «Առանց Թուրքիոյ` «Էֆ-35»-ներու  Ծրագիրը Դատապարտուած Է Ձախողութեան»

Էրտողան. «Առանց Թուրքիոյ` «Էֆ-35»-ներու Ծրագիրը Դատապարտուած Է Ձախողութեան»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան միջազգային պաշտպանական «ԻՏԵՖ-2019» ցուցահանդէսին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է «Էֆ-35» հալածիչներու պատճառով Միացեալ Նահանգներուն հետ յառաջացած լարուած յարաբերութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը: «Ցաւով կը հետեւինք, թէ ինչպէ՛ս մեզի դրամի դիմաց չտրուած զէնքերը Սուրիոյ մէջ կը հոսին ահաբեկիչներուն մօտ: Թուրքիան երբեք չէ ընդունած եւ պիտի չընդունի քաղաքական, դիւանագիտական ու տնտեսական ասպարէզին...

Ճափոնի Աքիհիթօ Կայսրը Հրաժարեցաւ

Ճափոնի Աքիհիթօ Կայսրը Հրաժարեցաւ

Ճափոնի վարչապետ Սինձօ Ապէ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց Աքիհիթօ կայսրին իր գահէն հրաժարելուն մասին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին ըսուած է անոր յայտարարութեան մէջ, որ ՆՀՔ պետական պատկերասփիւռի կայանէն կարդացած է երկրի նախարարաց խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Եոսիհիտէ Սուքան: Փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի. «Նորին մեծութիւնը, յատուկ օրէնքի կէտերուն համապատասխան, այսօր վար կը դնէ իր լիազօրութիւնները»: Վարչապետը այդ առնչութեամբ ժողովուրդին անունով...

Թուրքիոյ Մէջ`  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հաշուոյն  Լրտեսութեամբ Ամբաստանուած Պաղեստինցին  Անձնասպանութիւն Գործած Է

Թուրքիոյ Մէջ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հաշուոյն Լրտեսութեամբ Ամբաստանուած Պաղեստինցին Անձնասպանութիւն Գործած Է

Անգարայի մէջ Պաղեստինի դեսպան Ֆայետ Մուսթաֆա յայտարարեց, որ թրքական իշխանութիւնները հաղորդած են, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հաշուոյն լրտեսութեան ամբաստանութեամբ կալանաւորուած Զաքի Եուսեֆ թրքական բանտերէն մէկուն մէջ անձնասպանութիւն գործած է: Ան աւելցուց, որ դեսպանատունը կը հետեւի դէպքին եւ կը սպասէ դատաբժիշկի զեկուցումին` հերքելով շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, որ պաղեստինցի արգելափակեալը անձնասպանութիւն գործած է: Նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները 15 ապրիլին հաղորդած...

Էրտողան. «Թուրքիան Իր Կարելիութիւնները  Պիտի Տրամադրէ Լիպիացի Ժողովուրդի Դէմ  Սադրանքը Արգիլելու Եւ Ազգային Համաձայնութեան  Կառավարութեան Աջակցելու Համար»

Էրտողան. «Թուրքիան Իր Կարելիութիւնները Պիտի Տրամադրէ Լիպիացի Ժողովուրդի Դէմ Սադրանքը Արգիլելու Եւ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան Աջակցելու Համար»

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարրաժի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Անգարան կը դատապարտէ Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի դէմ յարձակումը` զայն նկատելով «Լիպիոյ եւ անոր կայունութեան դէմ սադրանք»: Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիան իր ամբողջ կարելիութիւնը պիտի տրամադրէ լիպիացի ժողովուրդին դէմ այդ սադրանքը ձախողութեան մատնելու եւ օրինական իշխանութիւններուն` Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան աջակցելու: Նշենք,...

Սրի Լանքայի Մէջ Զոհերուն  Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Սրի Լանքայի Մէջ Զոհերուն Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Սրի Լանքայի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ կիրակի օր Ս. Զատկուան տօնի ընթացքին տեղի ունեցած 8 ականահարումներու զոհերուն թիւը բարձրացած է 310-ի, իսկ այդ հարցով ձերբակալուած կասկածելիներուն թիւը` 40-ի: Մինչ այդ, երկուշաբթի կէս գիշերին ուժի մէջ մտաւ արտակարգ դրութիւնը: Երկրի կրթութեան նախարարութիւնը արդէն յայտարարած էր, որ երկրին տարածքին դպրոցները փակ պիտի մնան երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օրերը: Սրի Լանքայի ժողովուրդը երէկ առաւօտեան ամբողջ...

Սրի Լանքայի Մէջ Ականահարումներու  Զոհերուն Թիւը Կը Բարձրանայ

Սրի Լանքայի Մէջ Ականահարումներու Զոհերուն Թիւը Կը Բարձրանայ

Սրի Լանքայի կառավարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ իսլամական տեղական խմբաւորում մը` միջազգային ցանցի մը օժանդակութեամբ, կանգնած է կիրակի օր երկիրը հարուածած 8 յարձակումներուն ետին: Սրի Լանքայի ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցիներու եւ պանդոկներու դէմ կատարուած յարձակումին զոհերուն թիւը բարձրացած է 290-ի, իսկ վիրաւորներունը` աւելի քան 500-ի: Ոստիկանութիւնը նշեց, որ զոհերուն շարքին են 36 օտարերկրացիներ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի առաւօտեան զգուշացուց,...

«Միացեալ Նահանգներ  Պիտի Ջնջեն Իրանի Հետ  Առեւտուրի Մէջ 8 Երկիրներու  Տրուած Արտօնութիւնները»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Ջնջեն Իրանի Հետ Առեւտուրի Մէջ 8 Երկիրներու Տրուած Արտօնութիւնները» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի չերկարաձգէ Իրանի դէմ կիրարկուած վառելանիւթի գնման հարցով պատժամիջոցներու ծիրին մէջ 8 երկիրներու տրուած արտօնութիւնները: Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները աւելցնել, մինչեւ որ վերջինս նստի բանակցութեան սեղան` շեշտելով, որ իր երկիրը արտասահմանի մէջ որեւէ իրանեան խմբաւորումի չ՛աջակցիր: Փոմփէօ նշեց, որ ամերիկեան...

Պիելոռուսիա Եւ Ղազախստան Կը Մերժեն  Գնել Խրիմի Մէջ Արտադրուած Ապրանքներ

Պիելոռուսիա Եւ Ղազախստան Կը Մերժեն Գնել Խրիմի Մէջ Արտադրուած Ապրանքներ

Պիելոռուսիան եւ Ղազախստանը կը մերժեն «Խրիմի մէջ պատրաստուած է» մակնիշով ապրանքներ գնել` այդ քայլը բացատրելով ստեղծուած աշխարհաքաղաքական կացութեամբ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Ռուսիոյ Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի ղեկավար Սերկէյ Քաթիրին: «Ապրանք արտադրող խրիմցիները շուկաներ դուրս գալու խնդիր ունին: Անկայուն քաղաքական կացութեան պայմաններուն մէջ, բազմաթիւ վայրերու մէջ զգուշութեամբ կը վերաբերին «Խրիմի մէջ պատրաստուած է» մակնիշով արտադրութեան ներածման, մասնաւորաբար Պիելոռուսիան եւ Ղազախստանը...

Քալըն. «Թուրքիոյ Հետ Սպառնալիքներու  Լեզուով Մի՛ Խօսիք»

Քալըն. «Թուրքիոյ Հետ Սպառնալիքներու Լեզուով Մի՛ Խօսիք»

Թուրքիա Կը Մերժէ Իրանի Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցները Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Զանոնք Ջնջելու Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն, թուրք-ամերիկեան 37-րդ տարեկան խորհրդաժողովի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձած է ռուս-թրքական եւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Հապերթիւրք»: Անդրադառնալով «Էս-400» հակաօդային համակարգերու գնման` Քալըն նշած է, որ Թուրքիան վերջին 10 տարուան ընթացքին անընդհատ փորձած է ամերիկեան «Փաթրիոթ» համակարգերը գնել, որովհետեւ...

Ըստ «Լը Փարիզիեն»-ի.  Նոթր Տամի Վերաշինութեան Համար  Նուիրատուութիւններու Գումարը  Հասած Է 1 Միլիառ Եւրոյի

Ըստ «Լը Փարիզիեն»-ի. Նոթր Տամի Վերաշինութեան Համար Նուիրատուութիւններու Գումարը Հասած Է 1 Միլիառ Եւրոյի

Փարիզի հրդեհէն վնասուած Նոթր Տամ տաճարին վերաշինութեան համար խոստացուած նուիրատուութիւններու գումարը հասած է 1 միլիառ եւրոյի: Այս մասին կը հաղորդէ «Լը Փարիզիեն» օրաթերթը: Գումարները առաւելաբար կը ստացուին մեծ ընկերութիւններէն ու գործարաններէն, ինչպէս նաեւ չորս հասարակական հիմնադրամներէ, որոնք ընտրուած են Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ազգին ուղղուած իր ուղերձին մէջ մտադրութիւն յայտնած էր Փարիզի Աստուածամօր տաճարը վերաշինել յառաջիկայ...

Նոթր Տամ Տաճարին Մէջ  Հրդեհը Ամբողջութեամբ Մարած Է

Նոթր Տամ Տաճարին Մէջ Հրդեհը Ամբողջութեամբ Մարած Է

Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ երկուշաբթի երեկոյեան բռնկած մեծ հրդեհը ամբողջութեամբ մարած է: Հրշէջները յաջողած են լիակատար աւերումէն փրկել աշխարհահռչակ տաճարը: Հրշէջները յաջողած են փրկել կարեւորագոյն եւ թանկարժէք իրերը, որոնց շարքին` Քրիստոսի փուշէ պսակը: Մասնագէտները կը յայտնեն, թէ անդառնալի չէ փուլ եկած աշտարակը եւ զայն կարելի է վերականգնել: Ֆրանսայի մշակութային ժառանգութեան պետական հիմնադրամը հանգանակութեան սկսած է տաճարին վերականգնումին համար: Ֆրանսայի...

Թրքական Մամուլը Կը Ցնծայ  Նոթր Տամի Մոխիրներուն Վրայ

Թրքական Մամուլը Կը Ցնծայ Նոթր Տամի Մոխիրներուն Վրայ

Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ բռնկած հրդեհը մեծ արձագանգ գտած է նաեւ թրքական մամուլին եւ ընկերային ցանցերու թուրք օգտատէրերու շրջանակին մէջ: Թրքական հեղինակաւոր «Ենի Աքիթ» օրաթերթը Նոթր Տամի հրդեհին վերաբերեալ իր նիւթը կը սկսի այսպէս. «Այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզին մէջ գտնուող Նոթր Տամ տաճարին մէջ հրդեհ բռնկած է»: Օրաթերթը կ՛ակնարկէ այն փաստին, որ վերջերս Ֆրանսայի նախագահ...

«Ես Կ՛աղօթեմ Աստուծոյ Եւ Ալլահին,  Որպէսզի Ոչինչ Լաւ Յարաբերութիւններ  Կառուցելու Հարցին Մէջ Խանգարէ Զիս Եւ Էրտողանը»  Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

«Ես Կ՛աղօթեմ Աստուծոյ Եւ Ալլահին, Որպէսզի Ոչինչ Լաւ Յարաբերութիւններ Կառուցելու Հարցին Մէջ Խանգարէ Զիս Եւ Էրտողանը» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Թուրքիա այցելութեան ընդառաջ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, թէ իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը իրեն «եղբայր» կը կոչէ, իսկ ինքն ալ անոր` «ընկեր»: «Ես Էրտողանը ընկերս կ՛անուանեմ: Թուրքիոյ ղեկավարը ինծի դիմած ատեն «եղբայր» կ՛ըսէ: Մենք, կարելի է ըսել, մտերիմ, հարազատ մարդիկ ենք», ըսած է Լուքաշենքօ: Պիելոռուսիոյ նախագահը յայտնած է, թէ ինք...

USA-ForeignMinistry

Ամերիկեան Պատուիրակութիւն Մը Իսրայէլի Մէջ Կը Քննարկէ Իրանի Եւ Հըզպալլայի Ներկայացուցած «Հասարակաց Սպառնալիք»-ը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը համակարգող դեսպան Նէյթըն Սէյլզ պիտի ուղղուի Իսրայէլ` գլխաւորելու համար այսօր Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խմբակի տարեկան միացեալ ժողովին մասնակից ամերիկեան պատուիրակութիւնը»: «Այս երկխօսութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ամէնէն երկարատեւ ռազմավարական երկխօսութիւնն է, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դիմագրաւած...

Փարիզի Նոթր Տամ  Տաճարին Մէջ Մեծ Հրդեհ

Փարիզի Նոթր Տամ Տաճարին Մէջ Մեծ Հրդեհ

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ մեծ հրդեհ մը ծագեցաւ: Իշխանութիւնները կ’ենթադրեն, որ հրդեհը առնչուած է 850-ամեայ տաճարին մէջ տարուող վերանորոգման աշխատանքներուն: Փարիզի Աստուածամօր տաճարը կառուցուած է 12¬րդ դարուն: Անիկա տարեկան աշխարհի տարբեր վայրերէն միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու այցելութեան վայրն է: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հրդեհին պատճառով ջնջած է ժողովուրդին ուղղուած ուղերձը, որ կը նախատեսուէր երէկ երեկոյեան: Ան «Թուիթըր»¬ի վրայ գրեց.«Ինչպէս...

Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի.  Էլի Քոհենի Աճիւնները Կ՛ուղղուին Իսրայէլ

Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի. Էլի Քոհենի Աճիւնները Կ՛ուղղուին Իսրայէլ

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով սուրիական զեկուցումներու, կը նշէ, թէ «ռուսական պատուիրակութիւնը, որ վերջերս այցելեց Սուրիա, մեկնած է իրեն հետ տանելով դագաղ մը, որուն մէջ կան աճիւնները իսրայէլացի լրտես Էլի Քոհենի, որ 1965-ին մահապատիժի ենթարկուեցաւ Դամասկոսի մէջ»: Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի ղեկավար Եուսի Քոհեն անցեալ հինգշաբթի օր յայտարարած էր, թէ Մոսատը նախապէս յաջողած է ձեռք բերել Էլի Քոհենի ժամացոյցը:...

Ընկերվար Միջազգայնականը  Կը Վերահաստատէ Թուրքիոյ Կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման  Վերաբերեալ Իր Յանձնառութիւնը

Ընկերվար Միջազգայնականը Կոչ Կ՛ուղղէ Զօրակցելու Պիելոռուս Ընդդիմադիր Սթաթքեւիչի

Ընկերվար միջազգայնականը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, թէ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ պիելոռուսական Նարոտնայա Հրամատա կուսակցութեան ղեկավար, Ընկերվար միջազգայնականի Կովկասի, ԱՊՀ-ի եւ Սեւ ծովու շրջանային յանձնախումբի համանախագահ Մքալայ Սթաթքեւիչ անգամ մը եւս ձերբակալուած է եւ 9 ապրիլին դատապարտուած է 15 օրուան բանտարկութեան` ընկերային ցանցերու վրայ Ստալինի բռնաճնշումին զոհերուն համար աղօթելու կոչ ուղղելուն համար: Ընկերվար միջազգայնականը կը յիշեցնէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն...

Իսրայէլեան Օդուժը Շաբաթ Օր Յարձակում Գործեց Համայի Գիւղական Շրջանին Մէջ Գտնուող Մըսիաֆի Շրջանին Դէմ

Իսրայէլեան օդուժին պատկանող օդանաւեր Լիբանանի հիւսիսային Պեքաայի շրջանին վերեւէն յարձակում մը գործեցին Սուրիոյ Համա նահանգին գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Մըսիաֆ շրջանին դէմ: Սուրիական զինուորական աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնած է, որ սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են իսրայէլեան յարձակումին, որուն թիրախները զինուորական դիրքեր էին: Յարձակումին պատճառով սուրիացի երեք զինուորներ վիրաւորուած են, շարք մը շէնքեր ալ` հրկիզուած:

Եգիպտոսի Նախագահը Հանդիպում  Ունեցաւ Զօր. Հաֆթարի Հետ

Եգիպտոսի Նախագահը Հանդիպում Ունեցաւ Զօր. Հաֆթարի Հետ

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Գահիրէի մէջ Լիպիական ազգային բանակի հրամանատար Խալիֆա Հաֆթարի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Եգիպտոսի զօրակցութիւնը յայտնեց «Լիպիոյ մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման համար ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղական միլիսներու դէմ պայքարի ջանքերուն»: «Եգիպտոս կը զօրակցի Լիպիոյ մէջ քաղաքային պետութեան հիմը դնելու եւ վերակառուցման սկսելու ջանքերուն», ըսաւ Սիսի: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Իթթիհատիա պալատին մէջ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ...

Page 535 of 884 1 … 534 535 536 … 884

Արխիւներ