Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով սուրիական զեկուցումներու, կը նշէ, թէ «ռուսական պատուիրակութիւնը, որ վերջերս այցելեց Սուրիա, մեկնած է իրեն հետ տանելով դագաղ մը, որուն մէջ կան աճիւնները իսրայէլացի լրտես Էլի Քոհենի, որ 1965-ին մահապատիժի ենթարկուեցաւ Դամասկոսի մէջ»:
Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի ղեկավար Եուսի Քոհեն անցեալ հինգշաբթի օր յայտարարած էր, թէ Մոսատը նախապէս յաջողած է ձեռք բերել Էլի Քոհենի ժամացոյցը:
«Այս տարի, գործողութեան մը աւարտին, յաջողեցանք ճշդել Էլի Քոհենին Սուրիոյ մէջ մինչեւ ձերբակալման օրը կրած ժամացոյցին վայրը եւ զայն վերադարձնել Իսրայէլ», յայտարարած էր ան:
Յիշեցնենք, որ Քոհեն Սուրիոյ մէջ լրտեսութեամբ ամբաստանուելով մահապատիժի վճիռ ստացած էր: Ան յաջողած էր ներթափանցել սուրիական վարչակարգի բարձր մակարդակներ, եւ անոր հաւաքած ու հաղորդած տեղեկութիւնները շատ կարեւոր նկատուած են 1967-ի պատերազմի ընթացքին Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ Կոլանի բարձունքին բռնագրաւման յաջողութեան համար: