Միջազգային

Թուրքիան Նոր Ուժեր  Կը Կուտակէ Սուրիոյ Սահմանին Վրայ

Թուրքիան Նոր Ուժեր Կը Կուտակէ Սուրիոյ Սահմանին Վրայ

Թուրքիոյ զինեալ ուժերը Սուրիոյ հետ սահմանամերձ Քիլիս բնակավայրին մօտ զրահապատներ եւ այլ մեքենաներ կը կուտակեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ի թրքական ծառայութիւնը: Սպառազինութիւնը կը կուտակուի թուրք-սուրիական Էօնճիւփընար սահմանային անցման կէտին մօտ: Կը հաղորդուի, որ սպառազինութիւնը պիտի օգտագործուի զինուորական գործողութիւններու ժամանակ:

Ըստ Իրանեան Աղբիւրի Մը.  Ռուհանի Այսօր Հաւանաբար Յայտարարէ  Ամերիկեան Քայլերուն «Դէմ Իրանեան Քայլեր»-ը

Ըստ Իրանեան Աղբիւրի Մը. Ռուհանի Այսօր Հաւանաբար Յայտարարէ Ամերիկեան Քայլերուն «Դէմ Իրանեան Քայլեր»-ը

Հիւլէական համաձայնութեան վերահսկող յանձնախումբին մօտիկ իրանցի պատասխանատու աղբիւր մը ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հաւանաբար այսօր յայտարարէ «Իրանեան փոխադարձ քայլեր»-ը` հակադարձելով 2015-ին Իրանի հիւլէական ծրագիրի թղթածրարին շուրջ կնքուած Իրան-Վեցեակ համաձայնութենէն Միացեալ Նահանգներու դուրս գալուն: Ան մանրամասնեց, որ այդ քայլերը պիտի վերաբերին համաձայնութեան 26-րդ եւ 36-րդ կէտերուն` աւելցնելով, որ Իրանի հիւլէական համաձայնութենէն դուրս գալու հարցը «ներկայիս սեղանի...

Թուրքիոյ Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբը Որոշեց Պոլսոյ Քաղաքապետական  Ընտրութեան Արդիւնքը Ջնջել

Թուրքիոյ Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբը Որոշեց Պոլսոյ Քաղաքապետական Ընտրութեան Արդիւնքը Ջնջել

Թուրքիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը երկուշաբթի օր որոշեց Պոլսոյ քաղաքապետական ընտրութիւնը վերակատարել: Յանձնախումբը նշեց, որ որոշումը «տրուեցաւ յանձնախումբի անդամներուն մեծամասնութեամբ, եւ տեղի պիտի ունենայ 23 յունիսին»: Լուրի հրապարակումէն ետք թրքական թղթոսկին տոլարին դիմաց աւելի քան 3 առ հարիւրի անկում կրեց, ինչ որ անցնող 7 ամսուան ընթացքին առաւելագոյնն էր: Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ քաղաքապետի թեկնածու, նախկին վարչապետ եւ խորհրդարանի...

Նեթանիահու Բանակին Հրամայեց  Կազայի Դէմ Յարձակումները Աշխուժացնել

Նեթանիահու Բանակին Հրամայեց Կազայի Դէմ Յարձակումները Աշխուժացնել

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Կազայէն Իսրայէլի դէմ աւելի քան 650 հրթիռներ արձակուած են: Երէկ Կազայի դէմ շաբաթ օր ընթացք առած իսրայէլեան ռմբակոծումները շարունակուեցան: Պաղեստինեան իշխանութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան վերջին ռմբակոծումները պատճառած են 17 զոհեր եւ 80 վիրաւորներ: Պաղեստինեան դիմադրութեան հակադարձութեան պատճառով իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն մէջ ինկաւ զոհ մը եւ արձանագրուեցան շուրջ 24 վիրաւորներ: Սարայա Քուտսի...

Աքթայ. «Թուրքիան Պիտի Չհանդուրժէ «Էս-400»-ներու  Հարցով Ամերիկեան Որեւէ Պատժամիջոց»

Աքթայ. «Թուրքիան Պիտի Չհանդուրժէ «Էս-400»-ներու Հարցով Ամերիկեան Որեւէ Պատժամիջոց»

Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Աքթայ յայտնեց, որ Անգարա պիտի շարունակէ իր սահմանի երկայնքին զինուորական գործողութիւնները, մինչեւ որ իր դիմագրաւած բոլոր վտանգներուն վերջ տայ: Թուրքիոյ փոխնախագահը ըսաւ, թէ իր երկիրը Ռուսիոյ հետ կը քննարկէ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ Թել Ռիֆհաթ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: Աքթայ նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիա Ռուսիայէն հակաօդային «Էս¬400» պաշտպանութեան համակարգեր գնելու գործարքին պատճառով ամերիկեան որեւէ պատժամիջոց բացարձակապէս պիտի...

Իտլիպի Մէջ Զինեալներու Օժանդակութեան  Փութացող Թուրք Զինուորները  Յայտնուած Են Ականուած Դաշտի Մը Մէջ

Իտլիպի Մէջ Զինեալներու Օժանդակութեան Փութացող Թուրք Զինուորները Յայտնուած Են Ականուած Դաշտի Մը Մէջ

Սուրիոյ մէջ կացութեան քաջածանօթ ապահովական լաւատեղեակ աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնած է, որ «Եփրատի վահան»-էն թրքամէտ զինեալ խմբաւորումներ շաբաթ օր գնդակոծած են Սուրիոյ մէջ թրքական բանակի դիրքերը, թրքական բանակին` սուրիական բանակի դիրքերուն դէմ յարձակում գործելու պատրուակ ստեղծելու համար: Զինեալները թրքական բանակին աջակցութեամբ յառաջացած են Մարհանար գիւղին մէջ սուրիական բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ, սակայն սուրիական բանակը պաշարած է զանոնք, ուստի զինեալները օժանդակութիւն խնդրած...

Ռուսիա Թուրքիան Կը Հրաւիրէ Մասնակցելու  «Էս-500»-ներու Մշակումներուն

Ռուսիա Թուրքիան Կը Հրաւիրէ Մասնակցելու «Էս-500»-ներու Մշակումներուն

«Ռոսթեխ»-ի ղեկավար Սերկէյ Չեմեզով յայտարարած է, թէ Ռուսիան պիտի ողջունէ ռուսական «Էս-500» հակաօդային համակարգի մշակումներու նախագիծին Թուրքիոյ մասնակցութեան ցանկութիւնը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին: «Մեր երկիրները անհրաժեշտ իրաւասութիւն ունին տուեալ ոլորտին մէջ ճարտարագիտական համագործակցութեան զարգացման համար», նշած է Չեմեզով:

«Անգարայի Համար Իրանեան Քարիւղին  Այլընտրանք Գոյութիւն Չունի»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Անգարայի Համար Իրանեան Քարիւղին Այլընտրանք Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու բացառեց, որ Անգարան կարենայ իրանեան քարիւղին այլընտրանք մը գտնել` նշելով. «Մեզի համար դժուար է ներածուած քարիւղի աղբիւրները տարատեսակ դարձնել, որովհետեւ մեր զտարաններուն ճարտարագիտութիւնը չի յարմարիր շարք մը երկիրներու մէջ արտադրուած հում քարիւղին, եւ գիտէք, թէ իրաքեան Քերքուք քաղաքէն թրքական Ճէյհան նաւահանգիստ երկարող քարիւղի խողովակաշարը վերանորոգման կը կարօտի եւ հիւսիսային Իրաքէն մեզի հասնող խողովակաշարին կարողականութիւնը...

Քուշներ. «Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան  Ծրագիրը Իրատեսական Եւ Գործադրելի Է»

Քուշներ. «Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան Ծրագիրը Իրատեսական Եւ Գործադրելի Է»

Սպիտակ տան խորհրդական, Միացեալ Նահանգներու նախագահի փեսայ Ճարետ Քուշներ Ուաշինկթընի Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեան հիմնարկին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց. «Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ծրագիրը խորքային հարցերու, ինչպէս նաեւ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման սկզբնակէտ մը պիտի ըլլայ»: Ան յայտնեց, որ շուրջ երկու տարիէ ի վեր աշխատանք կը տանի պատրաստելու խաղաղութեան ծրագիր մը, որուն հրապարակումը նախատեսուած է յունիսին` Ռամատանի աւարտէն ետք: Նշենք, որ...

Էրտողան Փութինին Պատմած Է Թրամփի Հետ  Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան  Մանրամասնութիւնները

Էրտողան Փութինին Պատմած Է Թրամփի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մանրամասնութիւնները

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին պատմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները եւ քննարկած «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն ու Սուրիոյ վերաբերող հարցերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը: Էրտողան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովներէն մէկուն ընթացքին յայտարարած է, թէ Թրամփին առաջարկած է ստեղծել միացեալ յանձնախումբ մը` «Էս-400»-ներու...

«Ազրպէյճան Պիտի Շարունակէ ՕԹԱՆ-ի  Հետ Համագործակցութիւնը»  Կ՛ըսէ Հասանով

«Ազրպէյճան Պիտի Շարունակէ ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութիւնը» Կ՛ըսէ Հասանով

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտարարած է, թէ իր երկիրը պիտի շարունակէ համագործակցիլ ՕԹԱՆ-ի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Ազրպէյճանի եւ ՕԹԱՆ-ի գործընկերութեան համաձայնագիրի կնքման 25-ամեակին առիթով: «Մենք կը գիտակցինք, որ համաշխարհայնացման դարաշրջանին մէջ որեւէ տագնապ կամ ճակատում անխուսափելիօրէն կ՛ազդէ ուրիշ երկիրներու վրայ: Ազրպէյճան պիտի շարունակէ Հիւսիսատլանտեան դաշինքին հետ գործընկերութիւնը` յանուն Եւրատլանտեան տարածքին մէջ...

Թրամփ Հանրապետականներուն  Եւ Դեմոկրատականներուն Կոչ Կ՛ուղղէ`  Համագործակցելու` Յանուն  Միացեալ Նահանգներու Բարօրութեան

Թրամփ Հանրապետականներուն Եւ Դեմոկրատականներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Համագործակցելու` Յանուն Միացեալ Նահանգներու Բարօրութեան

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններուն կոչ ուղղեց` մէկ կողմ դնելու տարակարծութիւնները եւ համագործակցելու յանուն Միացեալ Նահանգներու բարօրութեան: «Այսպիսով, երկու տարուան քրտնաջան աշխատանքէն եւ իւրաքանչիւր կուսակցութեան` միւս կուսակցութիւնը ըստ կարելւոյն վատ լոյսի տակ ներկայացնելու փորձերէն ետք, ժամանակն է վերադառնալու մեր գործերուն: Մոլըրի զեկուցումը յստակօրէն հաստատեց, որ Ռուսիոյ կողմէ, բնականաբար, ոչ մէկ միջամտութիւն եղած է, իսկ այժմ հանրապետականներն...

«Չինաստան Կը Պատրաստուի Ամբողջ Աշխարհի  Տարածքին Նոր Ռազմակայաններ Կառուցելու»  Կ՛ըսէ Փենթակոն

«Չինաստան Կը Պատրաստուի Ամբողջ Աշխարհի Տարածքին Նոր Ռազմակայաններ Կառուցելու» Կ՛ըսէ Փենթակոն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Չինաստան «Մէկ գօտի` մէկ ճամբայ» յաւակնոտ միջազգային տնտեսական նախագիծի ծիրին մէջ իր մեծ ներդրումները պաշտպանելու նպատակով կը պատրաստուի աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ռազմակայաններ կառուցելու: Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Փենթակոնի նոր զեկուցումին մէջ: Փեքին ներկայիս իր սահմաններէն դուրս գտնուող մէկ ռազմակայան ունի. անիկա տեղակայուած է Ճիպութիի մէջ:...

6 Մայիսին Լաւրով-Փոմփէօ  Հաւանական Հանդիպում

6 Մայիսին Լաւրով-Փոմփէօ Հաւանական Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ կրնայ 6 մայիսին Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունենալիք նախարարական նիստի ծիրին մէջ հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Անոնք կարելիութիւն պիտի ունենան հանդիպիլ եւ հարցերու լայն շրջանակ քննարկել: Նախապէս Լաւրովի եւ Փոմփէոյի միջեւ տեղի ունեցած էր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին վերջինս ակնարկած...

«Թուրքիոյ Պիտի Չարտօնենք Նոյնիսկ  Մէկ Թիզ Սուրիական Հողի Տիրել»  Կ՛ըսէ Մըքտատ

«Թուրքիոյ Պիտի Չարտօնենք Նոյնիսկ Մէկ Թիզ Սուրիական Հողի Տիրել» Կ՛ըսէ Մըքտատ

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ «Մայատին»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Թուրքիոյ պիտի չարտօնենք սուրիական հողերէն նոյնիսկ մէկ սանթիմեթրի տիրել»: «Թրքական կողմը պէտք է գիտնայ, որ զինեալ խմբաւորումներուն Իտլիպի մէջ մնալը պիտի չընդունինք», աւելցուց Մըքտատ: «Սուրիական որոշում կայ սուրիական հողերու մինչեւ վերջին թիզը ազատագրելու, եւ Իտլիպը բացառութիւն չէ», նշեց Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը` ընդգծելով. «Թուրքերն ու ուրիշներ պէտք է...

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ  Չեն Պատրաստուիր Հրթիռային  Հարուած Հասցնելու Սուրիոյ»

Փենթակոն. «Հիւսիսային Սուրիոյ Հարցով Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակենք»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը յայտնեց. «Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ թրքական մտավախութիւնները նկատի ունեցող անվտանգութեան մեքանիզմի վերաբերեալ բանակցութիւնները պիտի շարունակենք»: Նախքան այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց. «Ուաշինկթընի հետ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի մանրամասնութիւններուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելուն կը մօտենանք»: Ան Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց` վերատեսութեան ենթարկելու իրանեան քարիւղին դէմ հաստատած իր պատժամիջոցները: Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, յղում...

«Խաւիարային Դիւանագիտութեան»  Նոր Դրսեւորում

«Խաւիարային Դիւանագիտութեան» Նոր Դրսեւորում

Միացեալ Նահանգներու Նիւ Մեքսիքօ նահանգի մայրաքաղաք Սանթա Ֆէն 28 մայիսը յայտարարած է Ազրպէյճանի ազգային օր: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Օքսու» կայքը` յղում կատարելով Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի ընդհանուր հիւպատոսարանին: Ըստ տեղեկութեան, համապատասխան հրամանագիրը ստորագրած է Սանթա Ֆէի քաղաքապետ Ալեն Ուեպըր: Ընդհանուր հիւպատոսարան ուղարկուած հրամանագիրին մէջ կը նշուի. «Ազրպէյճան իսլամական աշխարհին մէջ առաջին աշխարհիկ եւ ժողովրդավարական երկիրն է, եւ Ամերիկան...

«Կեդրոնական Եւրոպայի Երկիրները  Աւելի Մեծ Գերիշխանութիւն  Կ՛ուզեն Եւրոպական Միութեան Մէջ»  Կ՛ըսէ Լեհաստանի Վարչապետը

«Կեդրոնական Եւրոպայի Երկիրները Աւելի Մեծ Գերիշխանութիւն Կ՛ուզեն Եւրոպական Միութեան Մէջ» Կ՛ըսէ Լեհաստանի Վարչապետը

Վերջին 15 տարիներուն ընթացքին Եւրոպական Միութեան անդամակցած Կեդրոնական Եւրոպայի երկիրները կ՛ուզեն, որ դաշինքը աւելի մեծ գերիշխանութիւն տրամադրէ առանձին պետութիւններուն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Լեհաստանի վարչապետ Մաթիուշ Մորավեցքի` ընդգծելով այն խնդիրները, որոնք Եւրոպական Միութեան մէջ յաճախ կը բաժնեն Արեւելքն ու Արեւմուտքը: Մորավեցքի Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ միօրեայ վեհաժողովի մը աւարտին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած...

Իրան Կը Մերժէ Իսլամ  Եղբայրները Ահաբեկչական  Կազմակերպութիւն Նկատելու  Ուաշինկթընի Մտադրութիւնը

Իրան Կը Մերժէ Իսլամ Եղբայրները Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Նկատելու Ուաշինկթընի Մտադրութիւնը

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իսլամ եղբայրներուն ահաբեկչական կազմակերպութեան որակում տալը: Յիշեցնենք, որ Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրզ յայտարարած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութիւնը ներառելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ: Զարիֆ Քաթարի մէջ Ասիական գործակցութեան համախմբումի ժողովի ծիրին մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ ուրիշները ահաբեկչական կառոյց...

Իրանէն Քարիւղի Ներածման Համար Ամերիկեան Պատժամիջոցներէն Բացառութիւններու Ժամկէտը Աւարտեցաւ

Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ ամբողջացաւ Իրանի քարիւղի մարզին դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներէն բացառութիւններու ժամկէտը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը: Այսպիսով, եթէ մինչեւ օրս այդ բացառութիւններէն օգտուող երկիրները` Չինաստանը, Հնդկաստանը, Ճափոնը, Հարաւային Քորէան եւ Թուրքիան շարունակեն Իրանէն քարիւղ գնել, Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ անոնց դէմ: Այդ պայմանաժամը ներածողներուն տրամադրուած էր, որպէսզի անոնց արտօնուէր գտնել քարիւղի գնումի այլընտրանքային...

Page 534 of 884 1 … 533 534 535 … 884

Արխիւներ