Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոթր Տամ Տաճարին Մէջ Հրդեհը Ամբողջութեամբ Մարած Է

April 17, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ երկուշաբթի երեկոյեան բռնկած մեծ հրդեհը ամբողջութեամբ մարած է: Հրշէջները յաջողած են լիակատար աւերումէն փրկել աշխարհահռչակ տաճարը: Հրշէջները յաջողած են փրկել կարեւորագոյն եւ թանկարժէք իրերը, որոնց շարքին` Քրիստոսի փուշէ պսակը: Մասնագէտները կը յայտնեն, թէ անդառնալի չէ փուլ եկած աշտարակը եւ զայն կարելի է վերականգնել:

Ֆրանսայի մշակութային ժառանգութեան պետական հիմնադրամը հանգանակութեան սկսած է տաճարին վերականգնումին համար:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Փարիզի Աստուածամօր տաճարը պիտի վերաշինուի: «Ես ձեզի պաշտօնապէս կը յայտարարեմ, որ մենք պիտի վերականգնենք այդ տաճարը: Բոլորս միասին: Ատիկա, անկասկած, Ֆրանսայի ճակատագիրին մէկ մասն է»:

Ռուսիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը իր կարգին Նոթր Տամ տաճարի վերակառուցման համար դրամահաւաքի արշաւի ձեռնարկեց:

Ճափոնի կառավարութեան բանբեր Եոշիհիտէ Սուկա յայտարարեց, թէ Ճափոն պիտի սերտէ Փարիզի Աստուածամօր տաճարը վերակառուցելու համար Ֆրանսային աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցը, եթէ այդ երկրի իշխանութիւններուն կողմէ այդպիսի խնդրանք կատարուի:

«Ատիկա հսկայական կորուստ է ամբողջ աշխարհի համար, որ խոցած է մեր սրտերը: Խորապէս կը ցաւակցինք նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին եւ ֆրանսացի ժողովուրդին», ըսաւ ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Ցաւ զգացի, երբ 800 տարի պատերազմներու եւ Ֆրանսական յեղափոխութեան ընթացքին կանգուն մնալէ ետք, քանդուեցաւ Նոթր Տամը` միակ Աստուծոյ պաշտամունքին նուիրուած ամէնէն հռչակաւոր վայրերէն մէկը, որ մեզ բոլորս իրարու միացուց Հիւկոյի գլուխ-գործոցին ճամբով: Մեր սրտերը Ֆրանսայի եւ բոլոր կաթողիկէներուն հետ են»:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը ցաւակցութիւն յայտնեց Փարիզին` «սարսափելի կորուստին» առնչութեամբ:

«Այնպիսի տպաւորութիւն է, կարծէք ինքնին Ֆրանսայի սիրտն ու Եւրոպայի հոգին անսպասելիօրէն եւ չարամտօրէն պոկած են», կը գրէ օրաթերթը:

Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը իր կարգին կը նշէ. «Կը թուէր, որ երբ տաճարին աշտարակը փուլ եկաւ, ատոր հետ փուլ եկաւ նաեւ ամբողջ աշխարհը: Փարիզցիները կու լային փողոցներուն մէջ: Իսկապէս, ամբողջ աշխարհը կու լար»:

 

 

Նախորդը

Թրքական Մամուլը Կը Ցնծայ Նոթր Տամի Մոխիրներուն Վրայ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆ. Քլիփըրզ Եւ Սիքսըրզ Արդիւնքը Հաւասարեցուցին

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.