Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարրաժի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Անգարան կը դատապարտէ Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի դէմ յարձակումը` զայն նկատելով «Լիպիոյ եւ անոր կայունութեան դէմ սադրանք»:
Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիան իր ամբողջ կարելիութիւնը պիտի տրամադրէ լիպիացի ժողովուրդին դէմ այդ սադրանքը ձախողութեան մատնելու եւ օրինական իշխանութիւններուն` Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան աջակցելու:
Նշենք, որ «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը վերջերս հաղորդեց, որ զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիական ազգային բանակը գերեվարած է թուրք զինեալներ, որոնք կը կռուէին Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ուժերուն կողքին: Լիպիական ազգային բանակը նախապէս նաեւ վար առած էր ռմբաձիգ մը եւ ձերբակալած անոր էքուատորցի օդաչուն:
Լիպիական ազգային բանակի բանբեր Ահմետ Մսմարի Թուրքիան ու Քաթարը ամբաստանեց Լիպիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն բացայայտ աջակցութիւն ցուցաբերելու յանցանքով:
Միւս կողմէ, Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Ֆաթհի Պաշաղա յայտնեց, թէ գոյութիւն ունին օտար ռմբաձիգներու Թրիփոլիի ռմբակոծման մասնակցութեան փաստեր: Ան Թունուզի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ ռմբակոծման ճշգրտութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այդ ռմբաձիգները արաբական երկու պետութիւններու օդուժերուն կը պատկանին:
Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Էրտողանի յայտարարութիւնը` նշելով. «Մօտիկ անցեալի պատմութիւնը մեզի սորվեցուց, թէ Թուրքիան դրացի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու հարցերուն միջամտելով միայն անոնց մէջ քանդումի պատճառ դարձած է»: